Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Պերճուհի Բարսեղեանի «Խանձուած Օրերը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Ապրիլ 22, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գործակցութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 21 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Յակոբ Պալեանի խմբագրած` Պերճուհի Բարսեղեանի «Խանձուած օրերը» գիրքին:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարինա Համամճեան: Ան ըսաւ, որ Պերճուհի Բարսեղեանի ստորագրութեամբ եւ Յակոբ Պալեանի խմբագրութեամբ «Խանձուած օրերը» հայ գրականութեան լաւագոյն յուշագրութիւններէն մէկը կը նկատուի, ապա յայտնեց, որ գիրքին վկայութիւնները յաջողած են պատմողականէն անդին նուաճել ու թափանցել խորքային ճշմարտութեան եւ հայ մարդու դժբախտ ճակատագիրին, հակառակ անոր ինքնակենսագրական ոճով գրուած ըլլալուն:

«Խանձուած օրերը» գիրքէն հատուածներ կարդացին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն Վիքի Փանոսեան եւ Աւօ Մարգարեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան: Ան ըսաւ, որ «Խանձուած օրերը» հրատարակութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ այն ապրուած օրերը, որոնք հարազատ յիշողութեամբ նկարագրութիւններ են, արեան ճամբով հարթուած ճանապարհներ, որոնք պատմութեան մէջ անջնջելի կը մնան ո՛չ միայն իբրեւ հայ կնոջ մը յիշատակած տողերը, այլեւ դալար կեանքի ձգտումի մը պայքարը` ցեղասպան թշնամիին գործած աւերներուն դէմ:

Ան յայտնեց, որ պատումի առաջին տողերն արդէն ընթերցողը կը տեղադրեն ուրիշ տեղ, ուր կայ երջանկութիւն, գուրգուրանք, ընտանեկան քաղցր ջերմութիւն, սէր, յարգանք, եւ յանկարծ կորուստի «խուլ վախը» կը պատէ հերոսուհին, որ աստիճանաբար ալեխառն մտածումներու մէջ թաղուած կը գտնէ ինքզինք: Գիրքի հեղինակ Պերճուհի Բարսեղեան մերթ ընդ մերթ կը ներկայացնէ հայ մտաւորականութեան տարած բեղուն գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ, առաւել ցայտուն դարձնելու թրքական նենգ ծրագիրներու ծնունդ տուող պատճառներն ու անոնց իրագործումը: Ան առանձնացուց աչքառու կին տիպարներէն Զառօ մայրիկն ու Հոռոթը, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան եւ մահն առած ըլլալով իրենց աչքին, մուտք կը գործէին թրքական շրջանակներուն մէջ, հանըմներուն տարբեր ծառայութիւններ կը մատուցէին, որպէսզի անոնց բերանէն քաղեն կարեւոր տեղեկութիւններ հայերու ինչքերուն ու կոտորածներուն մասին: Ս. Թաշճեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Գրագիտուհին կարծես կարդացողին ջիղերը կը լարէ ապագային հաշուոյն եւ բոլորիս, բոլոր ժամանակներուն համար պայքարի աննկուն ոգին վառ պահելու հրամայականը կը կտակէ»:

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն Հրակ Լախեան ապրումով ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը» ոտանաւորը, ապա «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն Կայէլ Գրիգորեան քանոնով ներկայացուց երկու երաժշտական կտոր, որմէ ետք խօսք  առաւ Սրբուկ Ճենանեան: Ան ըսաւ, որ «Խանձուած օրերը» յուշագրութիւնը կ՛ընդգրկէ մարդկային եւ ներազգային արժէքներ, որոնք կը մղեն ընթերցողը ապրելու ներքին խռովութիւն մը` ի տես պատահած անարդարութեան եւ ի գիտութիւն համայն աշխարհին: Ան նշեց նաեւ, որ գիրքին հեղինակը` Պերճուհի Բարսեղեան, զանազան առիթներով անդրադարձած է կեանքին` մատնանշելով, թէ կեանքը անիմաստ է, եթէ չունի գերագոյն նպատակ մը: Ս. Ճենանեան ըսաւ նաեւ, որ գիրքին առանցքը կը կազմեն երեք կէտեր` հայ մտաւորականներուն ունեցած դերը հայ իրականութեան մէջ, ուսման ու գիտութեան անհրաժեշտութիւնը ընդհանրապէս մարդկութեան եւ ի մասնաւորի հայութեան համար, եւ վերջապէս` հայ կնոջ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն ու խաղացած դերը Ցեղասպանութեան օրերուն: Ան դիտել տուաւ, թէ յուշագրութիւնը կը թելադրէ ուժ եւ կորով շարունակելու պայքարը մանաւանդ համաշխարհայնացման այս օրերուն` համաշխարհայնացնող ծուղակէն դուրս գալու ու չենթարկուելու «Ճերմակ ջարդին»` ձուլումին: Ճենանեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Շարունակենք մնալ Պերճուհիի թելադրած գործի պատգամին մէջ` անմահացնելու մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակները ու հովացնելու անոնց հոգիները` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումով»:

Ձեռնարկի աւարտին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի մեկենասներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը հանդիսանան Համազգայինի հրատարակչական գործին եւ առաքելութեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի խմբագիր Յակոբ Պալեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան շնորհահանդէսի յաջող կազմակերպման:

Խօսքի աւարտին Յ. Հաւաթեան ըսաւ, որ Համազգայինը բոլոր մարզերուն մէջ կը շարունակէ մնալ հաւաքական յիշողութեան այն դարբնոցը եւ սերունդէ-սերունդ ջահակիրը, որ համեստօրէն կը կատարէ իր աշխատանքները` ի խնդիր հայ ազգի երազներու իրականացման:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները «Խանձուած օրերը» գիրքերուն շուրջ բոլորուած շարունակեցին իրենց խորհրդածութիւնները եւ մտերմիկ զրոյցները:

 

Նախորդը

Խաթուն Աշըգեանի Անմեռ Յիշատակին

Յաջորդը

«Թրամփէն Մեր Ակնկալիքը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Ազնիւ Դիրքորոշում Ունենալն Է». Արամ Համբարեան

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?