Հալէպը Կը Վերականգնի, Կարգ Մը Սուրիահայեր Կը Վերադառնան
«Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ Հալէպը քիչ-քիչ կը վերականգնի, զգալի աշխատանքներ տարուած են ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ, քաղաքի փակ ճամբաները բացուած են: «Ճամբան փակած քարակոյտերն ու հողակոյտերը վերցնելու աշխատանքները բաւական յառաջ գացած են: Մանաւանդ անոնք, որոնք երկար ատենէ փակ էին: Տուներու պարագային փոքր նորոգութիւններ կատարուած են: Իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ...




















