Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

Մայիս 16, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական լրահոսը տեղեկացուցած է, որ 12 մայիսին կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ու կազմակերպման պետական յանձնախումբի նիստը:

100-ամեակին յատկացուած այս նիստին ներկայացուած են տօնական ձեռնարկներուն վերաբերեալ շարք մը առաջարկներ, քննարկուած են նախարարութիւններուն կողմէ այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Համապետական մակարդակով նման յանձնաժողով յառաջացնելը, գերատեսչութիւնները ներառելը եւ հայեցակարգային խնդիրներու քննարկումով նախապատրաստուիլը` հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութեան, նկատելի նախաձեռնութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մեծագոյն խորհուրդի ոգեկոչման, տօնի նշման դրական լիցքեր հաղորդելու եւ անհրաժեշտ տարողունակութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ:

Խորհուրդի այժմէականացման պատմաքաղաքական եւ վերլուծաբանական հայեցակարգի բանաձեւումները անհրաժեշտ են նախքան տօնական ձեռնարկներու կազմակերպումը: Չմոռնանք, որ դարաւոր ժամանակի վրայ երկարող պետականազուրկ գոյութենէ ետք հանրապետութիւն կերտելը, անոր անմիջապէս նախորդող օրերուն, Հայոց ցեղասպանութենէն ընդամէնը երեք տարի ետք,  թրքական բանակներուն դէմ ծառանալը, յաղթելը եւ ընդհանրապէս երկրագունդին վրայէն հայու տեսակը ջնջելու ծրագիրը ձախողութեան մատնելը, սկսելու համար այս 100-ամեակին կու տան բացառիկ հանգամանք եւ կարեւորութիւն:

Հանրապետակերտումն ու մայիսեան յաղթանակները նաեւ պետութեան հաստատման, պետական մտածողութեան կայացման, ժողովրդավար կարգերու հաստատման, խորհրդարանական համակարգի ձեւաւորման, բանակաշինութեան (ընդ որում ազգ-բանակի այդ օրուան յաջողագոյն օրինակով), դիւանագիտական ծառայութեան կազմակերպման, կիներու ներկայացուածութեան, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու միջեւ ընդդիմադիր շրջանակներու ներառման  խորհուրդներ կը ներառեն: Հետեւաբար, այս բոլորին արծարծման, այժմէական ոսպնեակներով այսօրուան իրականութեան փոխանցելի ուղերձները լոյսին բերելու եւ փառատօներու, ձեռնարկներու կազմակերպման առընթեր եւ գուցէ նաեւ անոնցմէ առաջ պատմաքաղաքական քննարկումներու եւ անկէ բխելիք նաեւ առնուելիք քայլերու անհրաժեշտութիւնը կը յուշեն:

Սարդարապատն ու ընդհանրապէս մայիսեան  յաղթանակները իրենց օրուան հրամայականով եւ արձանագրած փաստացի իրողութիւններով  ազգ-բանակ հասկացողութեան առարկայացած, արդիւնաւորուած եւ բազմաթիւ խորհուրդներ եւ ուղերձներ ամրագրած ուսանելի օրինակներ են:

Ա՛յս 100-ամեակով փոխանցուող խորհուրդը փաստօրէն ամբողջ ազգին վերաբերող ե՛ւ ռազմական, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ դիւանագիտական, ե՛ւ կրթական մարզերով համահայկականութեան ու անոր վրայ խարսխուած անկարելին կարելի ընելու համազգային նուաճումներուն մէջ անգերազանցելի գագաթ  է:

Այս բոլորը նկատի ունենալով եւ յատկապէս անոր համազգային էութիւնը, բովանդակութիւնն ու տարողութիւնը ընդգծելով, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան յաղթանակներու 100-ամեակի նշումը հայաստանեան հարթութենէն աւելի համահայկական յանձնաժողովի ձեւաչափ, քննարկումներու միջավայր, այդ ալ ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, այլ ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ ձեռնարկներու, տօնախմբութիւններու, փառատօներու եւ մանաւանդ խորհուրդի այժմէականացման եւ ուղերձներու առարկայացման համար համակարգումի մեքենականութեան յառաջացման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Նախագահը Այցելած Է Քաթար

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Սփըրզը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?