Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Եւ ՀՀԿ Ստորագրեցին Համախմբական Համագործակցութեան Նոր Համաձայնագիրը

Մայիս 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երէկ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուեցաւ քաղաքական համագործակցութիւն կազմաւորելու մասին յուշագիր, որ պիտի գործէ մինչեւ 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու աւարտը:

Քաղաքական վերոնշեալ երկու ուժերը համախմբական համագործակցութեան յուշագիրով քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնած են կառավարութեան ամբողջ գործունէութեան համար: Ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած են քաղաքական համախմբակցութեան շրջագիծին մէջ  համագործակցութեան ռազմավարական նպատակները,  առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան եւ կազմակերպման կարգը:

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ փաստաթուղթը ստորագրած է կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Արմէն Աշոտեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան:

Արմէն Աշոտեան նշեց, որ յուշագիրի ստորագրման համար հիմք  հանդիսացած են սահմանադրական փոփոխութիւնները, նախորդ համախմբական համագործակցութեան յուշագիրը, 2 կուսակցութիւններու նախընտրական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն արդիւնքները:

«Համախմբական համագործակցութեան հիմնական գործունէութեան ուղղութիւնները պիտի ըլլան մարդը, հասարակութիւնը եւ պետութիւնը: Մենք ունինք բազմաթիւ արժեհամակարգային ընդհանրութիւններ ՀՅԴ-ի  մեր գործընկերներուն հետ, եւ այդ ընդհանրութիւններէն մեկնելով` հիմա խարխսուած է յուշագիրի այն բնագիրը, որ գալիք 5 տարիներուն համար հիմք պիտի հանդիսանայ  երկու ազգային կուսակցութիւններու համագործակցութեան համար: Հիմք, որուն վրայ կառուցուած է նոր սահմանադրութիւնը», յայտարարեց Աշոտեան, ապա աւելցուց, որ հիմնական պայքարի մարզերէն պիտի ըլլան նոր սահմանադրութիւնը, «Ազգ-բանակ»-ի ներդրումը, իրաւական դաշտի բարեփոխումները, գործող սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ մրցունակ տնտեսութեան զարգացումը եւ, վստահաբար, մարդու ազատութիւններուն եւ իրաւունքներուն հետ շաղկապուած հաստատութիւններու զարգացման խնդիրները:

Աղուան Վարդանեան նշած է, որ այս համաձայնագիրը պիտի ընդգրկէ 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի ամբողջ հոլովոյթը` մինչեւ 2022 թուական:

«Երեք հիմնարար արժէքներ դրուած են մեր յուշագիրին մէջ: Անոնք են` մեր անվտանգութիւնը, Արցախի անվտանգութիւնը, տնտեսութեան կարգաւորումն ու զարգացումը, երկրին մէջ որակական, արմատական փոփոխութիւններ կատարելու վճռականութիւնը», ընդգծեց ան:

Վարդանեանի խօսքով` Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ետք կը մտնենք փուլ մը, երբ երկու կուսակցութիւնները պիտի ձգտին որակական փոփոխութիւններ կատարելու եւ յամառ աշխատանքի արդիւնքով հասնելու այդ  որակական փոփոխութիւններուն:

Միւս կողմէ, յուշագիրի ստորագրութենէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ նոր համագործակցութեամբ պիտի պահպանուին ՀՅԴ-ին 2016-ին տրամադրուած նախարարական երեք պաշտօնները եւ երկու մարզպետի պաշտօնները:

Անկէ բացի, երկու կուսակցութիւններու համագործակցութեան աշխատանքը նոր թափ պիտի ստանայ եւ ՀՀԿ-ՀՅԴ քաղաքական խորհուրդը պարբերաբար պիտի գումարէ նիստեր, որոնց ընթացքին որոշումները համախոհութեամբ պիտի տրուին:

Արմէն Ռուստամեանի խօսքով` այս պահուն ՀՅԴ-ն իր  նախարարներն ու մարզպետները այլ դաշնակցականներով փոխարինելու մտադրութիւն չունի: ՀՀԿ-ի հետ քաղաքական համագործակցութեան այս նոր յուշագիրով աւելի մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի փտածութեան դէմ պայքարին, քատրային քաղաքականութեան եւ ընտրական հոլովոյթներուն:

Ստորեւ կու տանք ստորագրուած յուշագիրին բնագիրը.

Երեւան, 11 մայիսի 2017

Յուշագիր Քաղաքական
Համախմբական Դաշինք Կազմաւորելու Մասին

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը`

– վերահաստատելով 2016 թուականի փետրուարի 24-ին երկու կուսակցութիւնների միջեւ կնքուած քաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագրին իրենց հաւատարմութիւնը եւ նրանում ամրագրուած դրոյթների կատարման պատասխանատուութիւնը,

– հաշուի առնելով 2017 թուականի ապրիլի 2-ին կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութեան արդիւնքները,

–  համադրելով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան 2017 թուականի ապրիլի 2-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւնների ժամանակ ներկայացրած նախընտրական ծրագրերը,

– կարեւորելով 2015 թուականի դեկտեմբերի 6-ի սահմանադրական բարեփոխումներով սկսուած համակարգային եւ որակական փոփոխութիւնները խորացնելու եւ անշրջելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը,

–  առաջնահերթ համարելով հասարակութեան մէջ պետութեան եւ ապագայի հանդէպ վստահութեան ու լաւատեսութեան հիմքերի ստեղծման նպատակով նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորումը,

–  նպատակ ունենալով կառավարութեան կազմում երկու կուսակցութիւնների համատեղ ջանքերով ապահովելու մարդու անվտանգ ու բարեկեցիկ կեանքը`

ձեւաւորում են քաղաքական  համախմբական դաշինք եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն են ստանձնում կառավարութեան ողջ գործունէութեան համար:

  1. Համագործակցութեան ռազմավարական նպատակները

1.1. Ամբողջացնել մարդու արժանապատուութեան անխախտելիութեան ու իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքների լիարժէք իրացումը երաշխաւորող մարդու իրաւունքների ու ազատութիւնների ապահովման համակարգը:

1.2. Կառավարման խորհրդարանական ձեւին անցնելու այս փուլում, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեանը համահունչ եւ միջազգային լաւագոյն փորձի հաշուառմամբ, ձեւաւորել համապատասխան օրէնսդրութիւն:

1.3. Ապահովել հանրային իշխանութեան բոլոր մարմինների թափանցիկ, հաշուետու եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը` ձեւաւորելով սահմանադրական նոր կարգից բխող ներիշխանական յարաբերութիւններ:

1.4. Նպաստել քաղաքական կուսակցութիւնների միջեւ մրցակցութեան, հանդուրժողականութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի խորացմանը, կուսակցութիւնների ներքին ժողովրդավարութեան զարգացմանը:

1.5. Երաշխաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր անվտանգութիւնը:

1.6. Արտաքին յարաբերութիւններում առաջնորդուել բացառապէս ազգային-պետական շահերով:

1.7. Ապահովել հայ ժողովրդի լիարժէք եւ անմիջական մասնակցութիւնը հայոց պետականութեան ամրապնդման գործում` վերարժեւորելով հայութեան տարբեր հատուածների դերն ու նշանակութիւնը:

  1. Քաղաքական համախմբական դաշինքի առաջնահերթութիւնները

2.1. Նոր թափ հաղորդել հակափտածութիւն պայքարին եւ արժանիքահենք քատրային քաղաքականութեանը:

2.2. Սահմանել արդիւնաւէտ կառավարման չափորոշիչներին համապատասխանող կառավարութեան նոր կառուցուածք եւ գործունէութեան կարգ:

2.3. Ամբողջացնել ազգ-բանակ հայեցակարգը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հայրենական գիտական եւ արհեստագիտական մտքի վրայ հիմնուած ռազմարդիւնաբերական համակարգի ստեղծմանը:

2.4. Շարունակել կատարելագործել ընտրական համակարգը:

2.5. Ձեւաւորել կայուն զարգացում ապահովող ընկերային շուկայական տնտեսական համակարգ, վերանայել իրականացուող ընկերային քաղաքականութիւնը:

2.6. Սահմանել այնպիսի կարգաւորումներ, որոնք կը բացառեն բնական պաշարների գերշահագործումը, նուազագոյնի կը հասցնեն շրջակայ միջավայրի, այդ թւում` մարդու կեանքի եւ առողջութեան վրայ բացասական ազդեցութիւնը, կ՛ապահովեն բնական պաշարների արդիւնաւէտ կառավարումը եւ դրանց նկատմամբ վերահսկողութիւնը:

  1. Քաղաքական համախմբական դաշինքի գործունէութեան եւ կազմակերպման կարգը

3.1. Քաղաքական համախմբական համագործակցութիւնը վերաբերում է կառավարութեան ողջ գործունէութեանը:

3.2. Քաղաքական համախմբական դաշինքի կողմերն առաջնորդւում են փոխադարձ յարգանքի, փոխըմբռնման, հանդուրժողականութեան, տարաձայնութիւնները բանակցութիւնների եւ քննարկումների միջոցով լուծելու մօտեցումներով` հանրային իշխանութեան մարմինների ու պաշտօնատար անձանց գործունէութեան ամբողջական պատասխանատուութեան գիտակցմամբ:

3.3. Քաղաքական համախմբական դաշինքը կողմերը քաղաքական պաշտօնները միմեանց միջեւ բաշխում են խորհրդակցութիւնների միջոցով ձեռք բերուած համաձայնութեամբ: Վարչապետի առաջադրման իրաւունքը պատկանում է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեանը:

3.4. Քաղաքական համախմբական դաշինքի կողմերը մինչեւ համապատասխան պաշտօնի համար թեկնածու ներկայացնելը` այն ներկայացնում են համախմբական դաշինքի  միւս կողմին:

3.5. Քննարկումների արդիւնքում տուեալ կուսակցութեանը վերապահուած պաշտօնում կարող է նշանակուել միայն տուեալ կուսակցութեան կողմից առաջադրուած թեկնածուն:

3.6. Թեկնածուի առնչութեամբ միւս կուսակցութիւնը կարող է ներկայացնել դիրքորոշումներ, որոնք հրապարակման ենթակայ չեն:

3.7. Քաղաքական համախմբական դաշինքի  կողմերը պարտաւորւում են.

3.7.1. Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները, սահմանադրական օրէնքները ընդունել համախոհութեամբ: Կողմերը պէտք է ձգտեն այլ հարցերի շուրջ որոշումները եւս ընդունել համախոհութեամբ:

Համախոհութիւն չձեւաւորուելու դէպքում քաղաքական համախմբական դաշինքի  կողմերը, պահպանելով փոխադարձ յարգանքի, փոխըմբռնման, հանդուրժողականութեան կանոնները, կարող են հրապարակայնօրէն ներկայացնել իրենց դիրքորոշումները: Համախոհութեան բացակայութեան դէպքում, անկախ իրենց դիրքորոշումից, կողմերը պարտաւոր են ապահովել ընդունուած որոշման իրագործումը իշխանութեան բոլոր մակարդակներում եւ օղակներում:

3.7.2. Համագործակցութեան կողմերից մէկի առաջարկութեամբ քննարկման առարկայ դարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան գործունէութեանը վերաբերող ցանկացած հարց:

3.7.3. Քաղաքական համախմբական դաշինքի  աշխատանքների արդիւնաւէտութեան, կանոնաւոր միջկուսակցական շփումների ապահովման եւ տեսակէտների համադրման նպատակով ձեւաւորել համախմբական դաշինքի  խորհուրդ, որն իր գործունէութիւնը իրականացնում է պարբերաբար հրաւիրող նիստերի միջոցով: Կողմերի համաձայնութեամբ կարող են ձեւաւորուել նաեւ մարզային խորհուրդներ:

3.8. Քաղաքական համախմբական դաշինքի կողմերի միջեւ սկզբունքային տարաձայնութիւնների առաջացման դէպքում դրանք լուծւում են բանակցութիւնների միջոցով: Բանակցութիւնների միջոցով համաձայնութիւն ձեռք չբերելու դէպքում կուսակցութիւններից իւրաքանչիւրը, միւս կողմին գրաւոր տեղեկացնելով, կարող է դուրս գալ համախմբական դաշինքից:

3.9. Քաղաքական համախմբական դաշինքի  կազմաւորելու մասին սոյն յուշագիրը գործում է մինչեւ 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի լիազօրութիւնների աւարտը:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան
նախագահի տեղակալ
ԱՐՄԷՆ ԱՇՈՏԵԱՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան
Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ
ԱՂՈՒԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

 

Նախորդը

Հակառակորդը Գնդակոծած Է «Շանթ»-ի Նկարահանող Խումբին Ինքնաշարժը. Նկարահանող Մը Վիրաւորուած Է

Յաջորդը

Համացանցի Արագացման Եւ Սակագիներու Նուազեցման «Աւետիս»

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?