Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ. «Մեզի Համար Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուի Նախքան 19 Յունիս` Կանխարգիլելու Խորհրդարանի Թափուր Դրութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Մայիս 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է ընտրական օրէնքը, որուն գծով Պըրրիի մօտ կը տիրէ դրական տրամադրութիւն, յատկապէս նախանցեալ օրուան Այն Թինէի հանդիպումին լոյսին տակ:

«Այդ հանդիպումին համամասնական դրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացաւ, սակայն տակաւին կան որոշ առկախ հարցեր, յատկապէս ընտրաշրջաններուն, վարկանշային քուէին եւ այլ բաժանումներու կապուած: Մեզի համար ամէնէն կարեւորը այն է, որ ընտրական օրէնքը վաւերացուի` նախքան 19 յունիս կանխարգիլելու համար խորհրդարանի թափուր դրութիւնը: Լիբանանի ներքին եւ արտաքին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տիրող շրջանային իրադարձութիւնները մեզի չեն արտօներ շփանալ, ինչպէս նաեւ մեզի չեն արտօներ ուղղուիլ անորոշ աւարտով թափուր դրութիւններու:

«Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ հայութիւն, ինչպէս որ կը յարգենք լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը, բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները, նոյնպէս ալ կը ջանանք յանգիլ այնպիսի օրէնքներու, որոնց համաձայն, բոլորին միջեւ յարգանք պարտադրուի:

Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, կը յայտնենք, թէ ընտրաշրջաններու բաժանումին առումով մեր կեցուածքները կը տարբերին այլոց կեցուածքներէն, յատկապէս Պէյրութի, Լեռնալիբանանի եւ Պեքաայի մէջ, ինչպէս նաեւ վարկանշային քուէներու պարագային, ըլլայ ան ազատ, վարկանշային քուէ, նոյն գաւառին պատկանող, համայնքային թէ յարանուանական վարկանշային քուէ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն իր վերջնական կարծիքը պիտի յայտնէ երբ քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրական օրէնքին մասին միացեալ պատկերացում գոյանայ: «Մենք մեր վերջնական կեցուածքը պիտի յայտնենք յարմար պահուն, սակայն կը մաղթենք, որ նախքան 19 յունիս կարելի ըլլայ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը, ինչպէս նաեւ համոզենք լիբանանցիները, թէ այդ իմաստով լուրջ աշխատանք կը տարուի, ի վերջոյ յանգելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնք պէտք է կայանան ամէնէն մօտիկ ապագային», աւելցուց ան:

Պատասխանելով Պըրրիի առաջարկին մասին ՀՅԴ կեցուածքին վերաբերող հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Պըրրի յայտնեց, որ իր առաջարկը 15 մայիսին, այսինքն` այսօր, խորհրդակցութիւններէ զանց առնուած է, եւ արդէն իսկ լուրջ ճիգեր ի գործ կը դրուին նոր առաջարկներու յանգելու իմաստով»:

 

 

Նախորդը

Վարչապետը Կիտանեանի Հետ Քննարկեց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Թրքական Մաֆիայի Յայտնի Ղեկավարներէն Մէկուն Վկայութիւնը` Տինքի Սպանութեան Հարցով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?