Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտնի Են Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները. Յառաջատարը Հանրապետական Կուսակցութիւնն Է

May 15, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ուշ երեկոյեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ներկայացուց Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քուէարկութեան նախնական արդիւնքները:

Արդիւնքները ներկայացուեցան ըստ ընտրական տեղամասերու, տարածքային ընտրական յանձնախումբերու սպասարկման տարածքներու եւ ընտրական տարածքներու:

Այսպիսով`« Ելք» կուսակցութիւններու դաշինքը ստացաւ 61,564 ձայն, որ կը կազմէ ընտրողներու 21,06 առ հարիւրը, «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւնը` 22,724, այսինքն` 7,71 առ հարիւրը, «Հանրապետական» կուսակցութիւնը` 208,013 ձայն կամ ընտրողներու 71,16 առ հարիւրը:

Նախնական տուեալներով` Երեւանի մէջ ընտրելու իրաւունք ունեցող 842.147 քաղաքացիներէ ընտրութեան մասնակցեցաւ 345.226 ընտրող, որ կը կազմէ մասնակցութեան 40,99 առ հարիւրը: Այս մասին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նստավայրէն յայտնեց յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան: Ան ըսաւ, որ երեկոյեան ժամը 8:00-ին փակուած են բոլոր ընտրատեղամասերը եւ սկսած է հաշուարկի հոլովոյթը:

Նախագահ Սարգսեանը Քուէարկեց «Յանուն Լաւ Երեւանի»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կնոջ` Ռիթա Սարգսեանի հետ երէկ  առաւօտեան մայրաքաղաքի թիւ 9/18 ընտրատեղամասին մէջ մասնակցեցաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քուէարկութեան:

Ընտրատեղամասին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, թէ Երեւանի մէջ ի՞նչ պիտի փոխուի, եթէ Տարօն Մարգարեան ընտրուի քաղաքապետի պաշտօնին, հանրապետութեան նախագահը ըսած է` Երեւանը աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Մէկ այլ հարցումի, թէ յանուն ինչի՞ քուէարկած է, նախագահը պատասխանած է` յանուն լաւ  Երեւանի:

Միջադէպ` ՀՀԿ-ի Ընտրական Գրասենեակին Մէջ

Միւս կողմէ, Երեւանի Քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոստանջեան մտած է Աւան վարչական շրջանի ՀՀԿ ընտրական գրասենեակի կեդրոն եւ պահանջած է բանալ դարակները: Փոստանջեան ըսած է, թէ այդտեղ ցուցակներ կը պահուին:

Ոստիկանները յորդորած են Փոստանջեանը, որ լքէ ընտրական գրասենեակի տարածքը, սակայն ան չէ ենթարկուած: Ոստիկանները Փոստանջեանի թեւերէն քաշելով դուրս հանեցին զինք տարածքէն, փորձեցին բերման ենթարկել, յորդորեցին զայն ոստիկանութեան ինքնաշարժ նստիլ, բայց ան չենթարկուեցաւ հրահանգին:

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Անճէյ Քասփրչիքը

Յաջորդը

Դատապարտում` Ապրայի Մէջ Մար Էլիասի Արձանին Դէմ Կատարուած Յարձակումին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.