Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քրտական Գործօնին Ուղղութեամբ Երեւցող Թուրք-Ամերիկեան Հակասութիւնը

Մայիս 13, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Տարածաշրջանին մէջ քրտական գործօնի ազդեցիկութեան աստիճանաչափը կը բարձրանայ: Ուաշինկթընի որոշումը` ՏԱՀԵՇ-ը արմատախիլ ընելու համար քիւրտերը զինելը նախապայմանական նկատելու շեշտումով, կարելի է նոր շրջափուլի կարեւոր սկիզբ նկատել:

Պարզ է, որ մինչեւ այս յայտարարութիւնը Ուաշինկթըն կը շարունակէր օժանդակել քիւրտերուն, յաճախ ոչ բացայայտ, իսկ երբ անհրաժեշտ ըլլար Անգարային ուղերձ փոխանցել` ուղղակի. յամենայն դէպս քրտական գործօնը էր եւ  կը շարունակէ մնալ խաղաթղթային շահարկման ազդակ` տարածաշրջանին մէջ իրավիճակ ստեղծելու կամ որոշակի փոփոխութիւն բերելու գործընթացներուն:

Առայժմ ուղղակի կը յայտարարուի, որ քիւրտերը կարեւորագոյն ազդակ են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին. ուրեմն քիւրտերը զինելը անհրաժեշտ աքթ է, որուն նպատակն ալ ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացումն է: Քիւրտերու զինումը սակայն ուղղուած չէ միայն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ. ահա այստեղ ՏԱՀԵՇ-ն ու Անգարան նոյն ճակատի վրայ կը դիտարկուին եւ կը տեղադրուին:

Նման դիրքորոշումի մեկնաբանութիւնը այն է, որ Անգարան կը դիտուի իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ին սատարող, անոր աջակցող, զայն ֆինանսաւորող եւ իր տարածքներուն վրայ տեղակայման միջավայր տրամադրող ու իր սահմաններէն անարգել եռուզեռ ապահովող պետական միաւոր:

Անգարայի սկսած խաղը կը շրջուի. Անգարան, որ ահաբեկչութիւն յղացքի հաւասարազօր բաղադրիչ կը նկատէր թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ խումբերը եւ թէ՛ քրտական զինեալ ուժերը, այս յայտարարութեամբ եւ դիրքորոշումով խորքին մէջ ինքը կը յայտնուի ՏԱՀԵՇ-ի հետ հաւասարազօր թիրախի դիրքերու մէջ:

Ասիկա նաեւ հակասական պատկերներ  կ՛ուրուագծէ միջազգային ընտանիքին հետ լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն եւ Անգարայի առաջադրած ու յանկերգած անվտանգութեան գօտիներուն միջեւ: Չմոռնանք, որ մարդասիրական, ապա անվտանգութեան գօտիներու ստեղծման առաջադրանքը քրտական վտանգի կանխարգիլման միտող զինուորաքաղաքական ծրագիր էր` առաջ մղուած Անգարայի կողմէ: Հիմա արդիւնքը այն է, որ Ուաշինկթըն լարուածութեան մեղմացման գօտի ձեւաւորելու սկզբունքին շուրջ համաձայնելով կը զինէ քիւրտերը:

Էրտողանի արձագանգը չէր ուշացած. ան ըսած էր, որ Միջին Արեւելքի մէջ առանց Թուրքիոյ հետ խորհրդակցելու ոչ ոք կրնայ ձեռնարկել քայլերու, աւելի՛ն` Անգարան շրջանցողները պէտք է սուղ գին վճարեն իրենց քայլերուն համար:

Ակնարկը պարզօրէն կ՛ուղղուի Ուաշինկթընին: Անգարան սուղ գին վճարել տուաւ Եւրոպային` գաղթականներու հարցով ստեղծելով համաեւրոպական մարդասիրական եւ ֆինանսական ճգնաժամային իրավիճակներ. հիմա կը սպառնայ նաեւ Ուաշինկթընին:

Անմիջական հարեւաններու հետ խնդիրները չլուծած, հիմա Էրտողանական Թուրքիան խնդիրներ կը ստեղծէ հեռու հարեւաններու հետ: Հեռու չէ Էրտողանի այցելութիւնը Ուաշինկթըն: Էրտողանէն առաջ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ տեսակցեցաւ Մոսկուայի դիւանագիտութեան պետը եւ յայտարարեց, որ ընդհանուր յայտարարներու հասած են Սուրիոյ տագնապի լուծման պատկերացումներուն մէջ: Առայժմ պարզ չէ, որ Անգարայի հետ մերձեցած Մոսկուան ի՞նչ դեր պիտի ունենայ քրտական գործօնին նկատմամբ Ուաշինկթընի առնելիք քայլերուն ուղղութեամբ: Ասիկա արդէն հզօր ազդակ կը հաղորդէ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի փոփոխութեան գործընթացին  նոր շրջափուլ ստեղծելու առումով, եթէ անշուշտ այս հարթութեան վրայ ակնկալուած հակասութիւնները երեւան:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեանը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Պապական Նուիրակը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Սփըրզ – Ռոքեթց` 4-2

RelatedPosts

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս
Անդրադարձ

Յանձնառու Պիտի Դառնա՞նք Վաղուան Ամբողջական Եւ Անկախ Հայաստանին…

Յունիս 13, 2025
Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Գաղութային

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Յունիս 13, 2025
Թրամփ. «Չեմ Ըսեր, Թէ Իրանի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումը Մօտալուտ Է, Սակայն Անոր  Հաւանականութիւնը Մեծ Է. Իրան Պէտք Է Զիջումներ Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Չեմ Ըսեր, Թէ Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Մօտալուտ Է, Սակայն Անոր Հաւանականութիւնը Մեծ Է. Իրան Պէտք Է Զիջումներ Կատարէ»

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?