Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետը Կիտանեանի Հետ Քննարկեց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

May 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ի մասնաւորի` զբօսաշրջութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց
Ժեզզինի Միջազգային Փառատօնին 

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը տրուեցաւ 2017-ի Ժեզզինի միջազգային փառատօնին:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ, Ժեզզինի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Ռոմանոս, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք, ինչպէս նաեւ Ժեզզինի քաղաքապետեր եւ թաղապետեր:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ Ժեզզինի փառատօնին պարագային ինք նկատած է ժեզզինցիներուն միասնականութիւնը` քաղաքական կուսակցութիւններուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն, համայնքներուն եւ քաղաքապետարաններուն միջեւ, յաջողեցնելու այդ փառատօնը, որ իւրայատուկ պիտի ըլլայ բոլոր փառատօներուն մէջ:

Աւետիս Կիտանեան կոչ ուղղեց բոլորին` զբօսաշրջական մարզին մէջ գործակցութեան առումով այդ միասնականութենէն դասեր քաղելու: Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ Ժեզզինի փառատօնը կը միտի ամբողջ շրջանը շուկայադրել իր բոլոր կարելիութիւններով:

«Ամբողջ ամրան ընթացքին մեր նպատակը պիտի ըլլայ Ժեզզինի դրական պատկերը պարզել բոլորին», շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան Ընդունեց
Ճաշարաններու Սեփականատէրերը

Զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրելիք աշխուժ եղանակին նախօրեակին Ա. Կիտանեան ընդունեց ճաշարաններու, սրճարաններու, գիշերային զբօսավայրերու եւ անուշավաճառներու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ամրան ընթացքին ճաշարաններուն պատրաստուածութիւնը` մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ ընդունելու:

Ռամի իր կարգին յայտնեց, որ սենտիքան կազմ ու պատրաստ է մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ ընդունելու` աւելցնելով, որ այդ նպատակով 12 նոր ճաշարաններ եւ զբօսավայրեր պիտի հիմնուին:

Ռամի շեշտեց, որ այս իմաստով նախարարէն ցուցմունքներ խնդրած են, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատած են ճաշերուն սակերը վաւերացնել եւ գիշերային զբօսավայրերուն պարագային անչափահասներուն մուտքը արգիլելու իմաստով խստութիւն ցուցաբերել:

 

 

Նախորդը

Ընտրական Օրէնքը Քննարկումի Առարկայ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Մեզի Համար Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուի Նախքան 19 Յունիս` Կանխարգիլելու Խորհրդարանի Թափուր Դրութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.