Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւետելով Հիմնական Շրջադարձ Մը Եւ Համաշխարհային Համագումարի Կայացումը` «Փառատօներու Միջոցով Կ՛ուզենք Տալ Այն Դրական Դիմագիծը, Զոր Կը Ցանկանք Լիբանանի Համար» Յայտարարեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

May 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փառատօներու ճամբով Լիբանանին կու տանք այն դրական դիմագիծը, զոր մենք կ՛ուզենք պատկերացնել անոր համար», յայտարարեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` ուրբաթ, 12 մայիսին մեկնարկը յայտարարելով Տըպպայէի փառատօնին: «Յառաջիկայ յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն համար պանդոկներուն մէջ ցարդ հաստատուած ցանկագրումները աւելի քան վաթսուն առ հարիւր համեմատութիւնը կը թեւակոխեն, ինչ որ դրական նախանշան է այս ամրան մեզ սպասող զբօսաշրջային ծաղկուն եղանակին գծով», ընդգծեց նախարար Կիտանեան: Ան մեծ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ ընթացիկ ամրան զբօսաշրջային եղանակին վերաբերեալ` նշելով, որ կան փառատօներ, որոնք  սրտի մօտիկ են, եւ անոնցմէ է Մեթնի շրջանի Տըպպայէի այս փառատօնը, «յատկապէս որ ես Մեթնի շրջանէն եմ»: Այս առիթով նախարար Կիտանեան աւետեց զբօսաշրջիկներու ներգրաւման եւ անոնց այցելելիք լիբանանեան զբօսավայրերու որոշման նպատակով 25 եւ 26 մայիսին համաշխարհային համագումարի կամ հաւաքի մը կազմակերպումը Լիբանանի մէջ` մասնակցութեամբ 42 երկիրներէ ժամանող զբօսաշրջային 150 ընկերութիւններու:  «Գիտենք, որ դիւրին չէ կազմակերպել նման փառատօներ, յատկապէս որ անոնք կը հիւրընկալեն զանազան երկիրներէ մեծ ու հեղինակաւոր արուեստագէտներ եւ զանոնք զարդարող հայկական պարախումբը, ինչ որ խիստ դրական ազդեցութիւն պիտի գործէ եւ մոռցնել պիտի տայ անցնող եռամեայ զբօսաշրջային ոչ նախանձելի վիճակը Լիբանանի մէջ», հաստատեց նախարար Կիտանեան` ընդգծելով, որ այս բոլորը զգացնել կու տան, թէ զբօսաշրջային հիմնական փոփոխութիւն եւ դրական շրջադարձ մը տեղի կ՛ունենայ:

Նաեւ` Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան

Զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ այս ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ իր կարգին խօսք առաւ` անդրադառնալով  յատուկ այս փառատօնին ներկայանալիք «Բարեկամութիւն» պարախումբին:

Նշենք, որ Տըպպայէի եւ մերձակայ շրջաններու քաղաքապետ Քապալան Աշքարի ներկայութեան տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց նաեւ  6-էն 8 յուլիսին տեղի ունենալիք Տըպպայէի միջազգային փառատօնի նախագահ Քորին Աշքար, որ ողջունելով ներկաները,   անդրադարձաւ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունենալիք Տըպպայէի միջազգային այս փառատօնի յայտագիրին: Աշքար դրուատեց եւ խիստ բարձր գնահատեց լիբանանցի հռչակաւոր եւ հեղինակաւոր արուեստագէտները` մաղթելով, որ Տըպպայէ իր այս փառատօնով կը դառնայ Մեթնի լուսաշող փարոսը:

Խորհրդակցութիւն` Արժանթինի Եւ
Հարաւային Քորէայի Դեսպաններուն Հետ

Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան հինգշաբթի օր տեսակցութիւններ ունեցաւ Արժանթինի եւ Հարաւային Քորէայի դեսպաններուն հետ. խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին նշեալ երկիրներուն հետ Լիբանանի զբօսաշրջային յարաբերութեանց զարգացման կարելիութիւնները:

Նմանապէս, նախարար Կիտանեան Պէյրութի «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Յունաստանի դեսպանին հովանաւորութեամբ կազմակերպուած աշխատանքի վարժանիստի մը` մասնակցութեամբ զբօսաշրջային զանազան ընկերութիւններու:

 

 

 

Նախորդը

Լռութեան Եւ Վերապահութեան Մթնոլորտի Մէջ. Լաւատեսութեան Նախանշաններ` Փրկարար Լուծման Գծով

Յաջորդը

Լոքեան Ընդունած Է Եւրոպական Խորհուրդի Տարածքային Իշխանութիւններու Քոնկրեսի Դիտորդական Առաքելութեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.