Մարզերու 2017-2025 Զարգացման Ռազմավարութիւններու Նախագիծերը Փոխանցուած Են Կառավարութեան
Հայաստանի մարզերու 2017-2025 թուականներու զարգացման ռազմավարութիւններու նախագիծերը փոխանցուած են Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմին, որուն կողմէ կատարուելիք քննարկումներէն ետք կը նախատեսուի զանոնք ներկայացնել կառավարութեան հաստատման: Նախագիծերը կազմուած են իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մարզերու ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, մարզերու ուժեղ եւ թոյլ կողմերը սերտելուն, կարելիութիւններու եւ սպառնալիքներու վերլուծումին: Առ այդ, սահմանուած են զարգացման միտող նպատակները, զարգացման գերակայութիւնները: Իւրաքանչիւր մարզի տարածքային զարգացման ռազմավարութեան նախագիծին մէջ նկարագրուած է...




















