Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Կ’այցելեն Արամ Ա. Վեհափառին
Երէկ, առաւօտեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ անոր հետ քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման նախապատրաստութիւնները: Պատուիրակութիւնը Արամ Ա. վեհափառին փոխանցեց Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք կեդրոնական, միջկուսակցական ձեռնարկներուն իր պատկերացումը: Ձեռնարկները պիտի ունենան համահայկական ու համալիբանանեան բնոյթ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ վեհափառին հետ խորհրդակցելու...




















