Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չշեղիլ Սկսուած Գործընթացէն

Յունիս 1, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործող խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին նախօրեակին ենք եւ ընտրական օրինագիծի ոդիսականի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ:

Մէկ կողմէ օրէնսդրական դատարկ ստեղծելու հաւանականութենէն ամէն կերպով խուսափելու, այդ վտանգը կանխարգիլելու միտող վճռակամութիւն ընդգծող յայտարարութիւններ, միւս կողմէ` նաեւ ընդհանուր համախոհութեան ի սպառ բացակայութիւն: Այս երկու հակոտնեայ երեւոյթներուն միջեւ սակայն, կայ նաեւ այլ գործընթաց, որ ունի հիմնական երկու մեկնաբանութիւն:

Առաջինը այն, որ իրօք գոյութիւն ունի տագնապի մօտեցում, անպայման հասկացողութեան գալու, հասարակ յայտարարներ փնտռելու, հատուածայնութիւնն ու համայնքայնութիւնը ստորադասելու եւ համալիբանանեան ընկալում ունեցող նոր օրինագիծով երկրի զարգացման ճամբայ հարթելու, հաւաքական կամքով նոր էջ բանալու ճիգ, հետեւողականութիւն, կեցուածք:

Միւս կողմէ, գոյառուած է տպաւորութիւն, եթէ ոչ համոզում, որ գործընթացի խաբուսիկութիւն ստեղծելու թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տեղեկատուական միտումներ կան: Այնպէս, որ քաղաքական որոշ կեդրոններէ  շրջանառութեան մէջ կը դրուին լուրեր, ըստ որոնց արդէն գոյացած է համակողմանի համաձայնութիւն ընտրական օրինագիծի շուրջ, որ շուտով կը հրապարակուի եւ կը հաստատուի: Նման պարագաներու, կողմերու կը վերագրուին նաեւ տրուած ենթադրեալ համաձայնութիւններ, որոնց հիման վրայ ալ կը կայանայ խաբուսիկ տեղեկատուութիւն, աւելի ճիշդը` ապատեղեկատուութիւն:

Հետաքրքրականը այն է, որ նման լուրերու շրջանառութեան ընթացքին, հրապարակուած տուեալները ո՛չ կը հերքուին, ո՛չ կը հաստատուին` անուղղակիօրէն մտածել տալով,  որ  խաբուսիկ այս գործընթացները անպայման զուտ տեղեկատուական հարթութեան վրայ չէ, որ կը ձեւաւորուին:

Մէկ քայլ առաջ, երկու քայլ ետ մարտավարութեամբ յատկանշուող այս գործընթացը խորքին մէջ հիմնական հարցը տեղապտոյտի մէջ պահելու կը միտի: Ուրկէ կը ծագի նաեւ այն մտավախութիւնը, որ այս պարանաձգութեան արդիւնքը ի վերջոյ իրողապէս 1960-ի օրէնքի Տոհայի տարբերակը պարտադիր որդեգրման կ՛առաջնորդէ:

Տոհայի օրէնքի խնդրայարոյց ըլլալուն մասին չէ խօսքը այստեղ, որքան քաղաքական խաղերով զայն պարտադիր վերաորդեգրել տալու մղումները: Գործող օրէնքի վերահաստատումը լուրջ հարուած կը հասցնէ երկրին մէջ սկսած պետական հաստատութիւններու վերականգնման` նախագահի ընտրութենէն վարչապետի նշանակում ու կառավարութեան կազմութիւն եւ այն բոլոր առաջադրուած նշանակումները, որոնք նպատակ ունին երկիրը դուրս բերել երկարատեւ փակուղիէ:

Համայն Լիբանանը կը գտնուի օրէնսդրական դատարկութիւն կամ հաւաքական կամք ցոյց տալու կարեւոր երկընտրանքին առջեւ: Համայնքային իրողական ներկայացուցչութեամբ համալիբանանեան օրէնսդիր մարմին ընտրելու քաղաքական առաջադրանքը ներկայ ձեւով վերածուած է զուտ կարգախօսի, որուն քողին տակ կայ միտում` չհամաձայնելով գործող օրէնքը վերաորդեգրելու:

Չէ բացառուած այս կարելիութիւնը անշուշտ: Սակայն Լիբանանի պետական մարմիններու վերականգնման եւ պետութիւն-հասարակութիւն վստահութեան հաստատման սկսուած գործընթացը լուրջ շեղում արձանագրած կ՛ըլլայ իր ուղիէն, եթէ օրէնսդրական դատարկութեամբ պարտադրուած գործող օրէնքի վերաորդեգրում տեղի ունենայ:

«Ա.»

Նախորդը

Դաշնակցական Նախարարները Վերանշանակուեցան

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?