Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարդարապատի Յուշահամալիրին Մէջ. «Եթէ Չըլլար 1918 Թուականի Մայիս 28-ը, Չէր Ըլլար Խորհրդային Հայաստանը, Եւ Չէր Ըլլար Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը» Նշեց Նախագահ Սարգսեան

Մայիս 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 մայիսին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ յուշահամալիր այցելած հիւրերուն հետ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան: Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց: Զօրահանդէսին մասնակիցները ողջունելէ եւ պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթը ընդունելէ ետք, նախագահը հանդիսութեան մասնակիցներուն հետ Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ դիտեց «Գալեմքեարեաններ պղնձագործ վարպետաց սուրիահայոց դպրոց. փրկուած եւ հայրենիքին նուիրաբերուած մշակութային արժէքներ» խորագիրով ցուցահանդէսը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սարդարապատի մէջ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Հանրապետութեան տօնին առիթով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ բոլորս Հանրապետութեան տօնին առիթով:

1918 թուականի մայիսեան յաղթանակները նոր եւ փառաւոր էջ բացին հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն մեր նախնիները նուաճեցին ապրելու իրաւունքը:

Այդ կռիւները բնաջնջման եզրին յայտնուած ժողովուրդի վերջին եւ օրհասական ճիգերն էին, որոնք կոչուած էին պաշտպանելու մեր պատմական հայրենիքի վերջին հողակտորները եւ փրկելու մեր ժողովուրդին վերջին բեկորները: Այդ անհաւանական թուացող սխրանքը գործեցին մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը, բոլոր շերտերը: Գործեցին բացառիկ միասնականութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ, անձնազոհ խիզախութեամբ եւ աննահանջ կամքով: Գործեցին ազգային գիտակցութեան եւ պատմական պատասխանատուութեան բարձր մակարդակով:

Նորանկախ Հայաստանը ծնունդ առաւ  Համաշխարհային Ա. պատերազմի համազարկերու տարափին տակ: Մենք ամէն տարի հաւատարմութեան երդումի նման կը կրկնենք պարզ ճշմարտութիւն մը. եթէ չըլլար 1918 թուականի մայիս 28-ը, չէր ըլլար Խորհրդային Հայաստանը, եւ չէր ըլլար ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին մենք, թերեւս, չենք ունեցած պետականութենէ զրկուած ըլլալու աւելի մեծ ժամանակահատուած, քան այն փուլը, որ անմիջականօրէն նախորդած է մայիս 28-ին: Եւ, անկասկած, չենք ունեցած աւելի ծանր եւ ողբերգական ճակատագիր նախորդ որեւէ դարաշրջանի մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ 99 տարի առաջ պետականութեան վերականգնումը կրկնակի սուղ էր եւ նուիրական, եւ այսօր ալ սրբազան է իւրաքանչիւր հայու համար:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր քաղաքացիներուն բերաւ ո՛չ միայն անկախ պետականութիւն, այլեւ մարդու իրաւունքներ եւ ազատութիւններ, որոնք արդէն ամրագրուած էին օրէնքներով:

Այսօրուան Հայաստանը նոյնպէս ծնաւ պատերազմի կրակի բովի մէջ, բայց այս անգամ` արցախեան ճակատի վրայ: Մենք` ներկայ Հայաստանի քաղաքացիներս, հաւատարիմ ենք Առաջին Հանրապետութեան պատգամներուն:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս մեծագոյն տօնին առիթով: Կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ ստեղծագործ աշխատանք` յանուն մեր երկրի յառաջընթացին եւ բարօրութեան:

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Փա՛ռք հայ ժողովուրդին»:

Նախորդը

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին. Հայոց Պետական Մտածելակերպի Վերարժեւորում` Անկախ Պետականութեան Վերականգնման 99-Ամեակի Նշման Ընդմէջէն

Յաջորդը

«Դէպի Յաղթանակի Հարիւրամեակ» Նշանաբանով` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 99-ամեակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In