Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը, որ Հայաստան կը գտնուի քննարկելու Հայաստան-ԵԱՀԿ համագործակցութիւնը շարունակելու կարելիութիւններն ու հեռանկարը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ բարձր գնահատած ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին` Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը:
Գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը ափսոսանք յայտնած է ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան թղթածրարի կասեցման առնչութեամբ` նշելով, որ կազմակերպութիւնը, այնուհանդերձ, պատրաստակամ է եւ շահագրգիռ շարունակելու հետագայ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ:
Զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ խօսած են ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան բոլոր հարթութիւններուն վրայ Հայաստանի ներգրաւուածութեան մասին եւ քննարկած փոխգործակցութիւնը այլ ձեւաչափերով խորացնելու եւ ընդլայնելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին: