Մայիսեան յաղթանակներուն, Հայաստանի հանրապետութեան 99-ամեակին եւ Հանրապետութեան տօնին առիթով մայիս 28-ին, նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պետական բարձրագոյն պարգեւներու յանձնում.տարբեր ծաայութիւններու տարբեր աստիճանի պարգեւներու առընթեր, Հայրենիք- սփիւռք կապերու խորացման եւ ընդլայնման գործին իրենց բերած նպաստին համար երախտագիտութեան շքանշան ստացած են Լիբանանէն Բիւզանդ Գէորգեան, Քուէյթէն Յարութ Պէտիրեան, Սուրիայէն Արթին Վարդանեան. Մովսէս Խորենացի շքանշան` Իրանէն Դերենիկ Մելիքեան, եւ Հայաստան Հիմնադրամի 25-ամեակի մետալ՝ Լիբանանէն Նազարէթ Սապունճեան։