Երեքշաբթի, 18 ապրիլին նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ: Ողջունելով նման հանդիպումները` նախագահը նշած է, որ օրեր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կարեւորագոյն իրադարձութիւնը` խորհրդարանական ընտրութիւնները, այսօրուան հանդիպումին առիթն են` նկատի առնելով, որ ընտրութիւններէն անցած է շուրջ երկու շաբաթ, եւ տեղին է անդրադառնալ անոնց` իբրեւ կայացած իրողութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, յիշելով 2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերուն...
16 ապրիլին Ս. Էջմիածինը հանդիսաւորապէս տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը: Այս առիթով Ս. Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս մատուցեց հայրապետական Ս. պատարագ: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ` գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, տիկին Ռիթա Սարգսեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս մայր աթոռէն իր պատգամը յղեց ըսելով. «Մեր կեանքը...
Յարութեան հրաշափառ տօնին առիթով կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին լուսաւորուելու եւ քաջալերուելու Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յաղթանակով: Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ այլ համայնքներու հոգեւոր թէ քաղաքական պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ: Զատկական Ս. պատարագը մատուցեց ու իր հայրապետական պատգամը յղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ: Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց...
Նախքան Ս. Յարութեան տօնակատարութիւնները, Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Աւագ ուրբաթը` իր ամբողջ խորհրդաւորութեամբ: Եկեղեցական արարողութիւններուն կողքին յատկապէս Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցան Քրիստոսի բազմամարդ թաղման թափօրներ: Ստորեւ` հայկական հիմնական եկեղեցիներուն մէջ Աւագ ուրբաթ օրուան արարողութիւններուն ամփոփ նկարագրականները. «Այսօր Քրիստոս Կը Հրաւիրէ Մեզմէ Իւրաքանչիւրը Իր Հետ Իջնելու Գերեզման Եւ Այնտեղ Թաղելու Մեր Բոլոր Մեղքերը» Ըսաւ Արամ Ա....
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան երէկ` հինգշաբթի, 13 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»-ի «Չաղլասեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ կուսակցական եւ միութենական պաշտօնաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու հետ: Հանդիպումին նպատակին անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ դիտել տուաւ, թէ Արցախի նախագահական բանբերին ներկայութիւնը կարեւոր առիթ է արցախեան իրադարձութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան քննարկումը կատարելու եւ անդրադառնալու այն ուղղութիւններուն,...
«Սէրը Հիմքն Ու Էութիւնն Է Քրիստոնէական Հաւատքին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ամէնէն հարուստ ու խորհրդաւոր օրերէն մէկն է Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին հինգշաբթին` Աւագ հինգշաբթին: Այս օրը Ս. պատարագի եւ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման, Ոտնլուայի, Քրիստոսի մատնութեան, ձերբակալութեան ու խաչելութեան յիշատակումի օրն է: Դարերէն մեզի եկող աւանդութեան համաձայն, Աւագ հինգշաբթի` 13 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր...
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2017-ին, սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց Մոսկուայի մէջ գտնուող «Վալտայ» քաղաքական ուսումնասիրութեան կեդրոնի քննարկման ակումբը, ուր յատուկ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Հատիյէ Ապպասը: Հանդիպման ներկայ էին խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամները, ուսումնասիրութեան կեդրոնի անդամներ` դիւանագէտներ, նախկին դեսպաններ եւ մտաւորականներ: Քննարկման նիւթերն էին Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, վերջին շաբթուան ընթացքին քաղաքական եւ զինուորական զարգացումները...
Երկուշաբթի, 2 ապրիլի երեկոյեան, Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հրապարակային զեկուցական հանդիպում` նուիրուած «քառօրեայ պատերազմ»-ի տարելիցին: Զեկուցաբերը Միհրան Քիւրտօղլեան ներկայացուց վերլուծական համակողմանի զեկոյց մը, զոր կու տանք ստորեւ: (Ա. մաս) Պատերազմները կը գնահատուին իրենց արդիւնքով: Յաղթեցի՞ր, արդարօրէն կը հպարտանաս, կը պարծենաս, կամքդ կը պարտադրես պարտուողին, յաղթանակիդ «կենացը» կը խմես: Պարտուեցա՞ր, կը նուաստանաս, հպարտութիւնդ կը կորսնցնես...: Քառօրեայ...
Ընթացիկ գարնան այս երկրորդ` ծաղկուն ամիսը, ինչպէս նախորդ տարում էր, աւաղ, վերստին կորստեան անամոք ցաւի ու վշտի թանձր շղարշով է պատուած համայն հայաշխարհում` Մայր հայրենիք Հայաստանում, Արցախում, սփիւռքում: Ամէնուրեք մեր ժողովուրդը` համահաւաք, թէ ընտանիք առ ընտանիք, սգոյ ու ոգեկոչման արարողութիւններ է կատարում` սրտի դառը կսկիծով նշելով 2016-ի ապրիլեան պատերազմում հերոսաբար զոհուած հայորդիների նահատակութեան տարելիցները, խոնարհումով յարգանքի տուրք մատուցելով յանուն Արցախի...
Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն նոր յառաջընթաց արձանագրած է, այս ընտրութիւնները Դաշնակցութեան համար նոր սկիզբ էր` արդար Հայաստան ունենալու համար. «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այսպէս ըսաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան` նշելով, որ ընտրութիւններէն ետք ան Հայաստան կը գտնուէր, եւ այստեղ ալ իր եզրակացութիւնները ըրած է: «Դաշնակցութիւնը ունի իրեն համար, Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս հայ...
Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի նիստը: Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՀԿ-ի բանբեր Էդուարդ Շարմազանով ըսած է, որ ՀՀԿ-ն ընտրատարածք առ ընտրատարածք ամփոփած է ընտրութիւններուն արդիւնքները: Շարմազանով նաեւ աւելցուցած է, որ ՀՀԿ Գերագոյն մարմինի նիստին քննարկուած է աւագանիի ընտրութիւններու քանի մը խնդիրներ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՀԿ-ն որոշա՞ծ է արդեօք, թէ Ազգային ժողովի պաշտօնները ինչպէ՞ս...
24-էն 27 ապրիլին Սթրազպուրկի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանը: Այս օրերուն վեհաժողովին պիտի քննարկուի ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Ակրամունթի պաշտօնանկութեան հարցը: Անոր կը վերագրուին փտածութեան շարք մը արարքներ, ան ամբաստանուած է իր պաշտօնական դիրքը չարագործելու մեղադրանքով: Ակրամունթը յատկանշական է նաեւ ազրպէյճանամէտ կեցուածքով: ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Ակրամունթը Պետական տումայի երեսփոխաններուն հետ 20 մարտին այցելած էր Սուրիա` չունենալով...
Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Օրէյնճ գաւառի իշխանութիւնները 24 ապրիլը յայտարարած են Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը` մանրամասնելով, որ շրջանի ղեկավարներու խորհուրդը արդէն 2-րդ տարին անընդմէջ կը հրապարակէ համապատասխան հռչակագիր: Օրէյնճի ղեկավար Միշել Սթիլ տեղւոյն հայ համայնքի անդամներու ներկայութեան նշած է, որ այս տարի կը լրանայ 1,5 միլիոն հայու կեանք խլած ցեղասպանութեան 102-ամեակը: «Հայերը ո՛չ...
Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի հիւրերն էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի խորհրդարանի անդամ Դաւիթ Իշխանեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան: Տնօրէնութեան եւ խմբագրակազմին հետ հանդիպումը առիթ ծառայեց, որ հիւրերը մօտէն ծանօթանան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ 90-ամեակի ծրագիրներուն: Դաւիթ Բաբայեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի դերը յատկապէս արցախեան տագնապը լուսաբանելու եւ...
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ճանելիծէն: Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ նախարար Ճանելիծէի պաշտօնական այցելութիւնը արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ եւ նոր խթան կը հաղորդէ միջպետական կապերու ամրապնդման: Հայաստանի նախագահը եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծած են, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները աշխուժ ձեւով կը զարգանան` առկայ է աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն, կը խորանան տնտեսական...
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը համաձայնական կառավարութիւն կազմելու բանակցութիւններու մէջ են. այս մասին երէկ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը: Այն հարցումին, թէ որո՞նք կը բանակցին` Ռուստամեան պատասխանեց, թէ ՀՅԴ եւ ՀՀԿ ղեկավարութիւնը` առանց անուններ նշելու: «Կ՛ենթադրեմ, որ այն համագործակցութիւնը, որուն մասին դուք տեղեակ էք, պէտք է շարունակուի, որովհետեւ,...
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղարկուած է 84 քոնկրեսականներու կողմէ ստորագրուած նամակը, որով անոր կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քոնկրեսին մէջ հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնի համաձայն, պէտք է հաշուի առնել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու յառաջամարտիկ ըլլալը եւ այս տարի նախագահի ուղերձին մէջ 1915-ին կատարուածը պատշաճօրէն պէտք է բնութագրել...
2017 տարեշրջանի պատուաստի արշաւը արդէն իսկ ընթացք առած է Լիբանանի տարածքին: «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` իբրեւ մանկախնամ կեդրոն, իւրաքանչիւր ամիս կը պատուաստէ աւելի քան 700 մանուկներ` կանխարգիլելու համար հետագայ հիւանդութիւնները: Այս առիթով երկուշաբթի, 10 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի: Նախարարին կ՛ընկերակցէին Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան Միջերկրականի արեւելեան շրջանի գրասենեակի տնօրէն տոքթ. Մահմուտ Մ. Ֆիքրի, Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան...
Ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, «Տը Վիլլա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը` նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետներուն, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ ճեմարանականներու: Փաուլա Եղիայեան Ճաշկերոյթի հաղորդավարներն էին Ճեմարանի շրջանաւարտներ Վանան Մանճիկեան-Գաբրիէլեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան:...
2011/03/04 – 2014/12/31