Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեան «Երազէն Անդին» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

June 16, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ «Պի. Էլ. Սի.» դրամատան տնօրէն Մորիս Սահնաուիի, երէկ` հինգշաբթի, 15 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի «Երազէն անդին» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսին բացումը:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան անգլերէնով եւ հայերէնով արտասանած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Կոկիկեան իր մասնակցութիւնը բերած է աւելի քան 50 հաւաքական եւ 15 անհատական ցուցահանդէսներու` աւելցնելով, որ շուրջ քառորդ դարու արուեստի իր աւանդով, Կոկիկեան իր երեւակայութեան ընդմէջէն վառ գոյներով կը ներկայացնէ իր ապրումներն ու յուզմունքները: «Կոկիկեան ստեղծագործական ճամբան անցած այն կին գեղանկարիչներէն է, որոնց համար կեանքը անիմաստ պիտի ըլլար առանց գեղանկարչութեան: Ան ո՛չ միայն ճանչցուած է լիբանանահայութեան կողմէ, այլեւ` լիբանանեան եւ միջազգային շրջանակներու կողմէ», հաստատեց Տաղլեան` աւելցնելով, որ Կոկիկեան կը դասաւանդէ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիային մէջ:

Այնուհետեւ արաբերէնով խօսք առաւ Կոկիկեան: Ան նկատել տուաւ, որ 30 տարի ստեղծագործելէ ետք, վստահաբար արուեստագէտ մը պիտի զգայ, որ իր վրձինը անցած է երազային փուլը եւ պիտի սկսի ստեղծագործել այնպիսի գունաւոր պաստառներ, որոնք ուրախութիւն պիտի պատճառեն ժողովուրդին: Անդրադառնալով ցուցահանդէսի խորագիրին` ան նկատել տուաւ, որ զայն անուանած է «Երազէն անդին», որովհետեւ երազը մեզի ապագային նկատմամբ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ եւ ինչ որ պատահի, անպայմանօրէն արուեստը կը գերազանցէ եւ յաղթական դուրս կու գայ:

Ապա «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յուշատախտակ մը յանձնեց Մորիս Սահնաուիին, որ իր կարգին խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Միրէյ Կոկիկեանին զինք իբրեւ հովանաւոր նշանակելուն համար, նաեւ շնորհաւորեց զայն` բարձր գնահատելով իր արուեստը:

Ցուցասրահին երկու յարկերուն վրայ ներկայացուած էին 13 միքստ միտիա եւ 38 իւղաներկ պաստառներ, որոնցմէ ոմանք ճամբու եւ քաղաքի պատմութիւններ կը պատմէին աւելի լաւ ապագայի հեռանկարով:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 30 յունիս 2017 եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քաթար` «Կղզիացած» Թերակղզին

Յաջորդը

Սին Էլ Ֆիլի Հայութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Երեսփոխան Բագրատունի Շեշտեց, Որ Մեզ Միացնողը Հայկականութիւնն Է

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.