Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Տաճիկիստանի Միջեւ Համագործակցութեան Շարք Մը Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Յունիս 15, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Տաճիկիստանի նախագահին: Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ Հայաստանի եւ Տաճիկիստանի նախագահներու առանձնազրոյցէն ետք տեղի ունեցած է  ընդլայնուած կազմով հանդիպում` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ: Բարձր մակարդակի բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ընդունուած է Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի` Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցելութեան  արդիւնքներուն  վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն, նաեւ ստորագրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան միջեւ շարք մը մարզերու մէջ երկկողմանի  համագործակցութեան խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր:

Ստորագրուած են` «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ քաղաքացիներու փոխադարձ այցելութիւններու մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ հեռահաղորդակցութեան եւ փոսթային կապի մարզին մէջ  համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ կրթութեան որակաւորումներու, գիտական աստիճաններու եւ գիտական կոչումներու փոխճանաչման եւ համադրելիութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ երիտասարդութեան հետ աշխատանքի եւ մարմնակրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ առողջապահութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութեան միջեւ համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ակադեմիայի միջեւ գիտական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրները եւ «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Տաճիկիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ 2018-2019 թուականներուն համար համագործակցութեան ծրագիրը»:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Էմոմալի Ռահմոն հանդիպումին արդիւնքները տրուած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Հայ-Տաճիկական Յարաբերութիւնները
Կը Գտնուին Պատմական Նոր Փուլի Մէջ»

Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ հանդիպումէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորապէս նշեց.

«Յայտարարութեան սկիզբը կ՛ուզեմ նշել, որ բանակցութիւնները անցած են բարեկամական եւ բացարձակ կառուցողական մթնոլորտի մէջ:

Անկեղծօրէն ուրախ եմ հիւրընկալելու Տաճիկիստանի նախագահը  Երեւանի մէջ` մեր երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Բարեկամութեան ու համագործակցութեան պայմանագիրի ստորագրման 15-ամեակի տարուան առիթով: Խօսելով այդ յոբելենական տարեթիւերուն մասին` մենք նաեւ կը յիշենք, որ հայ-տաճիկական յարաբերութիւնները ունին հարիւրամեակներու պատմութիւն, եւ անոնք միշտ եղած են բաց, վստահելի եւ փոխադարձ յարգանքով:

Այսօր հանդիպումին մենք մանրամասն քննարկեցինք երկկողմանի համագործակցութեան ընթացիկ վիճակը, քննարկեցինք անոր  զարգացման հեռանկարները, նախանշեցինք փոխգործակցութեան տարբեր մարզերու մէջ միացեալ աշխատանքի ուղղութիւններն ու հարցերը:

Բարձր կը գնահատենք վերջին շրջանին արձանագրուած հայ-տաճիկական յարաբերութիւններու դրական եւ կայուն զարգացման միտումը: Մենք համաձայնեցանք հետեւողական ըլլալ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ եւ ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու` զայն նոր մակարդակի բարձրացնելու համար:

Այս ամէնը իր արտացոլումը գտաւ ընդունուած միացեալ  յայտարարութեան մէջ, համագործակցութեան կարեւորագոյն մարզերու մէջ փոխգործակցութիւնը կանոնակարգող փաստաթուղթերու  պատկառելի փաթեթին մէջ, այն է` համաձայնագիրներ հաղորդակցութեան եւ կապի, օդային հաղորդակցութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ մարզերու մէջ:

Ուրախալի է, որ երկար դադարէ ետք իր աշխատանքներուն վերսկսած է առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-տաճիկական միջկառավարական յանձնախումբը: Կ՛ակնկալենք, որ յանձնախումբի համանախագահութեան անցումը նախարարական մակարդակի` պիտի հաստատէ նման որոշումի անհրաժեշտութիւնը, իսկ բուն միջկառավարական յանձնախումբը արդիւնաւէտ ձեւով յառաջ պիտի մղէ տնտեսական կապերու ամբողջ համակարգը:

Տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ մեր երկիրներու քաղաքացիներու  միջեւ կապերու ընդլայնման շրջագիծին մէջ մենք քննարկեցինք մեր երկիրներուն միջեւ ուղիղ օդանաւային թռիչքի կարելիութեան հարցը: Այդ իմաստով մենք պատրաստ ենք մեր տաճիկ բարեկամներուն տրամադրելու Հայաստանի կողմէ «բաց երկինք»-ի քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ ձեւաւորուած արտօնութիւնները:

Այսօր երկուստեք վերահաստատուած է նաեւ կրթութեան, մշակոյթի եւ գիտութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման պատրաստակամութիւնը:

Այսօր հայ-տաճիկական յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմական նոր փուլի մէջ: Տաճիկական կողմին հետ միասին մենք երկարաժամկէտ հեռանկարով պատրաստ ենք շարունակելու ջանքեր ներդնել մեր գործընկերութեան հետեւողական, կայուն եւ փոխշահաւէտ զարգացման համար»:

Նախորդը

Վարդանեան. «Կառավարութեան Նոր Ծրագիրը Իր Յստակութեամբ, Չափելիութեամբ Կը Տարբերի Նախորդներէն»

Յաջորդը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Ընդվզում Յայտնեց Ընտրական Նոր Օրէնքին Մէջ Կիներու Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինը Չներառելու Առումով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In