Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան – Կիպրական Վեհաժողով` Պաապտայի Մէջ

June 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Աուն եւ Անասթասիատես ընդգծեցին ահաբեկչութեան դէմ միասնաբար պայքարելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց քարիւղի եւ բնական կազի արտահանման մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Կիպրոս երկխօսութիւնը` լիբանանեան երկրագործական եւ ճարտարարուեստի արդիւնաբերութիւնը կիպրական շուկայ հասցնելու եւ ծովային ճամբով Կիպրոս արտածելու իմաստով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնը Եւրոպական Միութեան օրակարգին վրայ պէտք է կարեւոր տեղ գրաւէ:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Կիպրոսի հողային ամբողջականութեան առումով խաղաղ լուծման յանգելու ՄԱԿ-ի ջանքերուն:

Իր կարգին, Անասթասիատես ընդգծեց, որ Կիպրոս կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին, ինչպէս նաեւ անոր գործընկերը մնալ` զայն բարգաւաճեցնելու եւ անոր ապահովութիւնը ամրապնդելու իմաստով:

Անասթասիատես հաստատեց նաեւ, որ Կիպրոս ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու:

Կիպրոսի նախագահը բարձր գնահատեց Լիբանանի կողմէ մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներուն հիւրընկալումը` շեշտելով, որ Կիպրոս պիտի օժանդակէ Լիբանանին` անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները վերացնելու նպատակով:

Անասթասիատես եւ անոր ընկերակցող կիպրական պատուիրակութիւնը դարձան նախագահական պալատի ճաշի հիւրերը:

Անասթասիատես այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. Միքաթի. «Թրիփոլիի Մարոնի Համայնքին Պատկանող Աթոռին Փոխադրութիւնը Մերժելու Իմաստով Պըրրիի Հետ Համաձայն Ենք »

Յաջորդը

Մամետեարով. «Եկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Սթաթիւս Քոն Փոխելու Ժամանակը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.