Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուած է Երեւանի աւագանիի յատուկ նիստին` Երեւանի վերընտրուած քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի պաշտօնը ստանձնելու երդման արարողութեան:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է Տարօն Մարգարեանը, Երեւանի նորընտիր աւագանիի բոլոր անդամները` Հայաստանի մայրաքաղաքի կառավարման պատասխանատուութիւնը ստանձնելու առիթով:
Հանրապետութեան նախագահը արարողութեան ընթացքին շնորհաւորական խօսք յղած է ձեռնարկի մասնակիցներուն: Ան մասնաւորաբար ըսած է:
«Կը շնորհաւորեմ Երեւանի նորընտիր աւագանիի բոլոր անդամները եւ քաղաքապետ ընտրուած Տարօն Մարգարեանը Հայաստանի մայրաքաղաքի կառավարման պատասխանատուութիւնը ստանձնելու առիթով: Ուրախ եմ ինչպէս Հանրապետականի իմ կուսակից ընկերներուն, այնպէս ալ Երեւանի բնակիչներու վստահութեան քուէին արժանացած այլ քաղաքական ուժերուն համար: Դուք բոլորդ այդ քուէն վաստկած էք դժուար պայքարով:
«Կը հաւատամ, որ տարակարծութիւններէ վեր կրնայ ըլլալ եւ բոլորիդ կրնայ միաւորել Երեւան համայնքի ընդհանուր շահը: Յոյսով եմ, որ այդ տրամադրութեամբ ալ պիտի աշխատիք տեղական ինքնակառավարման այս կարեւոր մարմինին մէջ: Յիշեցէ՛ք, որ Երեւանը համայն հայութեան մայրաքաղաքն է, հայրենիքի խորհրդանիշը աշխարհի ամբողջ տարածքին սփռուած հայերուն համար:
«Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններով մենք ամփոփեցինք 2017 թուականի ընտրական շրջանը: Շատ կարեւոր է, որ մենք արդէն ձեւաւորած ենք իշխանութիւն մը, որ կ՛արտայայտէ մեր ժողովուրդին կամքը: Արդէն անհրաժեշտ է հանդարտեցնել ընտրական կիրքերը` զանոնք ձգելով անցեալին: Եկած է ելոյթներէն գործին անցնելու ժամանակը:
«2018-ն խորհրդանշական տարի պիտի ըլլայ: Համայն հայութիւնը պիտի տօնէ մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Այդ նոյն տարուան ընթացքին պիտի տօնենք նաեւ քաղաքամայր Երեւանի 2800-ամեակը, որ նախորդ յոբելեաններէն պակաս կարեւոր չէ:
«Այս յոբելեանը պատուով դիմաւորելու եւ կազմակերպելու գործի պատասխանատուութիւնը նախ եւ առաջ քաղաքային նորընտիր իշխանութեան ուսերուն է: Այո՛, Երեւանը հինաւուրց քաղաք է, բայց միաժամանակ անիկա անընդհատ կ՛արդիականանայ, կը ձեւաւորուին համակեցութեան նոր կանոններ:
«Մեր նպատակն է, որ դարերու խորքէն եկող Երեւանը ժամանակին համընթաց քալէ: Գիտէք, որ զբօսաշրջութեան զարգացումը մեր տնտեսութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Ուստի քաղաքը պէտք է ունենայ ժամանակակից եւրոպական տեսք` արդի լուսաւորութեան համակարգերով, յարմարաւէտ մայթերով եւ անցումներով, հանրային հանգստեան գօտիներով:
«Երեւան քաղաքը կը բախի շարք մը բարդ խնդիրներու, որոնց համար անհրաժեշտ է լուծումներ գտնել: Այդ հարցերու շարքին է երթեւեկութեան հարցը: Քաղաքը կը զարգանայ, անընդհատ կ՛աւելնայ քաղաքի փողոցներով երթեւեկող մեքենաներու քանակը: Օրուան որոշակի ժամերուն խցանումները դարձած են սովորական երեւոյթ: Երեւանցիներուն եւ հիւրերուն համար կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ անյարմարութիւններ:
«Որեւէ խնդիրի լուծման համար նորէն հեծանիւ յօրինելու կարիքը չկայ: Անհրաժեշտ է ուսումնասիրել միջազգային փորձը եւ տեսնել, թէ որքանո՛վ անիկա կիրարկելի է մեր պայմաններուն մէջ: Որքան տեղեակ եմ` նման այլ քաղաքներու մէջ այս հարցին լուծումը կը տրուի հանրային երթեւեկութեան միջոցներու զարգացման եւ անոր գրաւչութեան բարձրացման միջոցով: Գիտեմ, որ դիւրին խնդիր չէ, գիտեմ, որ միջազգային խորհրդատուի հետ միասին կ՛աշխատիք այս ուղղութեամբ, բայց ատիկա պէտք է ըլլայ ձեր աշխատանքին ամէնէն հիմնական ուղղութիւններէն մէկը, եւ այդ աշխատանքներուն պէտք է արագութիւն հաղորդել:
«Այլ կարեւորագոյն խնդիր է աղբահանութիւնը եւ աղբի կառավարման ամբողջ հոլովոյթը: Այստեղ մենք արդէն արձանագրած ենք որոշակի յաջողութիւններ, Երեւանի մէջ ստեղծած ենք մայրաքաղաքին վայել համակարգ: Ասիկա նաեւ պետական ու մասնաւոր հատուածներու համագործակցութեան յաջողած օրինակ է:
«Սակայն այդքանով բաւարարուելու իրաւունք չունինք: Կարճաժամկէտ առումով մենք պէտք է ստեղծենք նոր աղբավայր` հինը կանաչապատելով եւ վերադարձնելով բնութեան: Միջնաժամկէտ առումով` պէտք է կառուցենք աղբի վերամշակման գործարան: Անհրաժեշտ է ձեւաւորել աղբի կառավարման նոր մշակոյթ: Այս ուղղութեամբ պէտք է կազմակերպել մնայուն իրազեկում լրատուամիջոցներու եւ ուսուցում` դպրոցներու մէջ:
«Թող ոչ ոք մտածէ, որ ասոնք անիրականանալի նպատակներ են: Տասը տարի առաջ մեր այսօրուան ունեցածն ալ կրնար անհաւանական թուիլ: Սակայն մենք` բոլորս միասին, կ՛ապացուցենք, որ կրնանք ատիկա անել, կրնանք լուծել մեր առջեւ ծառացող խնդիրները:
«Պէտք է քննենք եւ լուծենք բազմաբնակարանային շէնքերու բնակելի հատուածի պահպանման հարցերը: Համատիրութիւնը բնակարաններու սեփականատէրերու միութիւնն է: Ինչպէս ամէն մէկը տէր կը կանգնի իր օճախին, այդպէս ալ պարտաւոր է տէր կանգնիլ մուտքին, վերելակին, տանիքին, նկուղին եւ, ընդհանրապէս, ամբողջ շէնքին:
«Նման դրական օրինակներ ունինք, եւ այդ մշակոյթը եւս պէտք է տարածենք` արմատախիլ ընելով բացասական հին աւանդութիւնները: Այստեղ պէտք է նաեւ յատուկ շեշտեմ, որ ամէնէն լուրջ ուշադրութեամբ պէտք է քննել վերելակային տնտեսութեան կարիքները` կանխելով դժբախտ պատահարներու հաւանականութիւնը: Իմ կարծիքով հրատապ անհրաժեշտութիւն է վերելակներու ճնշող մեծամասնութիւնը փոխարինել նորերով:
«Տարօ՛ն ջան, Երեւանը լուծման կարօտ շատ խնդիրներ ունի: Ես քեզի անգամ մը ըսած եմ` դուն մեզի հիասթափեցնելու իրաւունք չունիս: Չունիս, քանի որ դուն Անդրանիկ Մարգարեանի որդին ես եւ Հանրապետականի ղեկավարներէն մէկը: Այս օրը քեզի համար շատ յիշարժան օր է` քու հօրդ, իմ լուսահոգի ընկերոջ` Անդրանիկ Մարգարեանի ծննդեան տարեդարձի օրը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայութեամբ երդում տուիր, որ բարեխղճօրէն պիտի ծառայես Երեւանին եւ երեւանցիներուն: Ուղղակի պարտաւոր ես գիշեր ու ցերեկ աշխատիլ, որպէսզի կարենաս աւելցնել երեւանցիներուն յարգանքն ու վստահութիւնը քու նկատմամբ, որպէսզի կարենաս պահել Երեւանի մէջ մեծագոյն վարկանիշ ունեցող գործիչի դիրքը, որպէսզի կարենաս յաջորդ ընտրութիւններուն աւելի քուէներ վաստկիլ եւ շարունակել կառավարել Երեւանը»: