«Պէտք Է Կատարելապէս Ճանչնալ Հայ Ժողովուրդի Յիշողութիւնը» Կ՛ըսէ Մաքրոն
Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու, ընտրութեան առաջին փուլին առաւելագոյն քուէներ ստացած «Յառաջ» շարժումի ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ պէտք է կատարելապէս ճանչնալ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: «Ֆրանսայի հայերն ու հայուհիները իրենց ներդրումը ունեցած են մեր պատմութեան կերտման մէջ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Մաքրոն եւ տեղադրած Փարիզի մէջ Կոմիտասի յուշարձան այցելութեան լուսանկարը: Մաքրոն 24 ապրիլի կէսօրին այցելած է Քանատայի հրապարակին վրայ գտնուող Կոմիտասի...




















