Երէկ` երկուշաբթի, 12 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիպում մը հայկական երգի ու երաժշտութեան հարազատ մեկնաբան Վիգէն Դարբինեանին հետ, որ աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեան երգեց իր հին ու նոր երգերէն` խանդավառութեան, միաձուլուած ապրումներու, յուզումի, բաժանումի ու միացման, տարբեր տեսակի սիրոյ, պայքարի եւ այլ զգացումներով ապրեցնելով ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերուն անդամները:
Քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան. ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ երգարուեստը հայ մշակոյթի դարաւոր հարստութիւններէն կը նկատուի եւ անիկա իր ճոխութեամբ ու մակարդակով ոչ մէկ ազգի մատուցած երգարուեստին կը զիջի, իսկ հայապահպանման ու ազգի գոյատեւման աշխատանքին մէջ անոր կարեւորութիւնը կը մնայ բոլոր ժամանակներէն աւելի անժխտելի: Ան լուսարձակի տակ առաւ հայ որակաւոր, մաքուր ու հարազատ երգի պահպանման համար մղուած պայքարին կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ սերունդէ-սերունդ փոխանցել իսկական արժէքները եւ ոչ այն, որ կու գայ ժամանակին հետ ու շուտով կ’անհետանայ, երբեմն, սակայն, խաթարելով ճաշակները:
Հուրի Փափազեան-Էմմիեան հաստատեց, որ ԼՕԽ-ը եւս հայապահպանման ծառայող, մշակութային որեւէ մարզ քաջալերող ու հարազատ արժէքներու պահպանման պայքար մղող միութիւններուն մաս կը կազմէ եւ այդ առաջադրանքէն մեկնած կազմակերպած է այդ հաւաքը, որպէսզի ԼՕԽ-ականներուն առիթ տրուի ըմբոշխնելու հայկական ոճով երգել սկսած եւ մինչեւ օրս անկէ անզիջող եղող Վիգէն Դարբինեանի երգերը, որոնք կը ցոլացնեն մեր կեանքը: Ապա ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց արուեստագէտը:
Այնուհետեւ Վիգէն Դարբինեանի ձայնն էր տիրապետողն ու գերողը, իսկ ԼՕԽ-ականները տարբեր երգերու ընթացքին ձայնակցեցան արուեստագէտին, ու միասնաբար երգեցին բոլորին սրտին հարազատ ու ծանօթ երգեր: Ան ելոյթը սկսաւ «Առանց երգի ծիծեռնակներ» երգով, որմէ ետք երգեց «Կարօտ»-ը, «Մայր իմ աննման»-ը, «Գնա»-ն, «Կեանքիդ արեւին մատաղ»-ը, «Նուպարի պոյ»-ը, «Կարաւան»-ը, «Եկեղեցին հայկական»-ը, որուն` Վիգէնի կողմէ յօրինուած երաժշտութեան իւրայատկութիւնը խորհրդաւոր մթնոլորտ ստեղծեց սրահին մէջ: Ապա հնչեցին «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը, «Վերադարձ նոյն ծառի ճիւղին»-ը, «Անձրեւ գարնան»-ը, «Պէտք էր ըսէի»-ն, «Կռունկները», «Հազար նազով եար»-ը, «Եարը մարդուն եարա կու տայ»-ն, որոնց մեկնաբանման միացան նաեւ ներկաները: Վիգէն Դարբինեան վերջին բաժնով երգեց «Ազատ աթոռս»-ը, «Անկեղծ ընկերներ»-ը, «Օրօր-երազ»-ը, «Անվերադարձ մահով սակայն»-ը եւ «Զարթիր Լաօ»-ն:
Անկէ ետք` իբրեւ երախտագիտութիւն հայ երգարուեստին նկատմամբ մատուցած իր ծառայութեան եւ հայկական երգի պահպանման իմաստով ունեցած ներդրումին, Վիգէն Դարբինեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
Երգերուն զուգահեռ կարճ զրոյցներուն ընդմէջէն Վիգէն Դարբինեան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի տարած ազգանուէր գործունէութիւնը, կոչ ուղղեց իբրեւ հայ մայրեր պահպանելու հայկականը, յիշատակեց հայութեան եւ Հայ դատին ի խնդիր նահատակուածները, խօսեցաւ անկեղծ ընկերներու արժէքին մասին, յատկապէս անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Լիբանանը իրեն համար միշտ կը մնայ հարազատ վայր մը, որուն միշտ կը կարօտնայ, իսկ ԼՕԽ-ի յարկին տակ ըլլալը իսկական գոհունակութիւն նկատեց ան:
Աւարտին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նազելի Աւագեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեանին` այդ իւրայատուկ եւ հարազատ հայկականութեամբ լեցուն երեկոյին համար: Ան դիտել տուաւ, որ մատուցուած երգերուն պարունակած գաղափարներն ու ապրումները եւս ներշնչող էին, պատգամ փոխանցող, իսկ հայկականութիւնը` հաճելի եւ հարազատ: