Փարպիի Մէջ Ընտրութիւններու Արդիւնքները Չեղեալ Յայտարարուած Են
2 ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները, բնական է, առանց խախտումներու չեն ընթացած: 2 ապրիլին ՀՅԴ-ին կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուած էր դիմում-բողոք Արագածոտնի մարզի Փարպի համայնքի մէջ արձանագրուած ընտրախախտումներուն վերաբերեալ: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն «Երկիր»-ին յայտնած են, որ դիմումը վերահասցէագրման կարգով ներկայացուած է թիւ 17 տարածքային ընտրական յանձնաժողով, որ դիմումը քննելով, տուած է որոշում` անվաւեր ճանչնալու Արագածոտնի մարզի Փարպի համայնքի թիւ...




















