Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Նախիջեւանի Ռազմափորձերը Որոշ Չափով Ուղերձ Են Հայաստանին Եւ Իրանին»

Յունիս 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանին մէջ ծաւալող իրադարձութիւնները միայն Թեհրանի մէջ  տեղի ունեցած ահաբեկչական իրադարձութիւններով չէ, որ պայմանաւորուած են. երէկ լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը` աւելցնելով, որ կարեւոր են նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, որոնք պէտք չէ անտեսել:

Անդրադառնալով որոշ երկիրներու` Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզելուն` ան կարծիք յայտնեց, որ Քաթարի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու առումով Հայաստանի դիրքորոշումը ճիշդ է:

Խօսելով Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն մասին` Մանոյեան ըսաւ. «Անոնք ցոյց կու տան, որ այդ երկրին մէջ կարելի է բնական ընտրութիւններ կազմակերպել, ասիկա ցոյց կու տայ, որ առանց ներքին լարուածութիւններու, կարելի է շարունակել բնական կեանքը: Ասիկա ողջունելի է մեզի համար, եւ կրնանք սերտացնել յարաբերութիւնները Իրանի հետ»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Կ. Մանոյեան ըսաւ, որ Սուրիոյ շուրջ զարգացումները կը գտնուին արաբական երկիրներու միջեւ լարուածութեան խորացման հիմքը: «Եկած է պահը, որ արաբական երկիրները վերջնականօրէն որոշեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն Սուրիոյ հարցով», ըսաւ Մանոյեան եւ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը ներքին խնդիրներէն դուրս է եւ անիկա շրջանային, ինչու չէ` նաեւ համաշխարհային նշանակութիւն ունի, քանի որ որոշ գերտէրութիւններ իրենց մասնակցութիւնը ունին այդ հարցին մէջ: «Այնպէս ալ չէ, որ Սուրիոյ տագնապին աւարտը կ՛երեւի», նշեց ան:

Մանոյեանի համաձայն, Թուրքիոյ շահերէն չի բխիր, որ լայնածաւալ գործողութիւններ սկսին Հայաստան- Արցախ-Ազրպէյճան կամ Ազրպէյճան-Արցախ ճակատին վրայ, քանի որ ատիկա անվերահսկելի պիտի դառնայ, պիտի ներքաշուին այլ պետութիւններ, ներառեալ` Ռուսիան: «Կրնայ Թուրքիան կարգ մը քայլերով աջակցիլ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարը որոշ առումով ինքզինք լաւ զգայ, բայց չեմ կարծեր, որ լայնածաւալ պատերազմը կը բխի Թուրքիոյ շահէն», ըսաւ  ան:

Անդրադառնալով Նախիջեւանի սահմանին վրայ ընթացող ռազմափորձերուն` Մանոյեան ըսաւ, որ այդ ռազմափորձերը որոշ չափով ուղերձ են Հայաստանին եւ Իրանին, որպէսզի ցոյց տան, որ Նախիջեւանը եւս կրնան թիրախ դարձնել: «Անհրաժեշտ է, որ մենք ունենանք աւելի հիմնաւորուած կեցուածք: Անհրաժեշտ է, որ մենք բարձրաձայն քաղաքականութիւն ունենանք, որպէսզի մտահոգութիւնները բարձրաձայնուին, եւ Նախիջեւանի հարցը ծաւալող իրադարձութիւններու ստուերին տակ չմնայ», ըսաւ ան:

Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի քայլերգի փոփոխութեան հարցին:

«Եթէ փոփոխութեան կողմնակիցները կամ փոփոխութիւնները  առաջարկողները արուեստագէտներ են, երաժիշտներ են, ցաւօք սրտի, անոնք չեն հասկցած, որ երկրին դրօշը, քայլերգը ոչ թէ գեղեցկութեան մրցումի համար են, որ մենք աւելի լաւ երգենք, աւելի լաւ գոյներու  համադրութիւն կատարենք, այլ խորհուրդ ունին», ըսաւ Կիրօ  Մանոյեան:

«Քայլերգը փոխել, կը նշանակէ այլ փոփոխութիւններ կատարել, իսկ եթէ  քաղաքական գործիչներն են առաջարկողները, կը նշանակէ` կ՛ուզեն արհամարհել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, ատիկա պիտի ըլլայ մեծագոյն ետքայլը», ըսաւ Մանոյեան` աւելցնելով, որ 23 օգոստոս 1990-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին հռչակագիրով կ՛ըսուի, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ առաջին հանրապետութեան ժողովրդավարական եւ այլ մօտեցումները եւ հայեացքները, ինչ որ, Մանոյեանի համաձայն, կարելիութիւն կու տայ, որ այդ խորհրդանշական շարունակութիւնը պահուի:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեան Մեկնաբանած Է Պոլիս – Պաքու Օդանաւային Թռիչքի Արցախի Օդային Տարածքէն Անցնելու Լուրերը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In