Լիբանան պաշտօնապէս ունեցաւ ընտրական նոր օրէնք մը, որ կառավարութեան կողմէ վաւերացուեցաւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ցուցաբերած ազգային համախոհութեամբ:
Համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած եւ Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական նոր օրէնքի վաւերացման հոլովոյթին մասին վերապահութիւն յայտնեցին նախարարներ Ալի Քանսօ, Թալալ Արսլան եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս:
Հետեւաբար 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Լիբանան 11 ամիս ետք` 6 մայիս 2018-ին, համամասնական օրէնքի հիման վրայ պիտի կատարէ երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւնները:
Նախարարաց խորհուրդի երէկուան նիստէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու կառավարութիւնը կատարեալ յանձնառութեամբ մշակած ու վաւերացուցած են իրենց խոստացած ընտրական նոր օրէնքը, որ Լիբանանը պիտի բաժնէ 15 ընտրաշրջաններու, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան համար 11 ամսուան թեքնիք երկարաձգումով` նկատի ունենալով, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին մագնիսական քարտով:
Ան ցաւ յայտնեց, որ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը կարելի չէ եղած վաւերացնել` աւելցնելով, որ նախարարներ Քանսօ, Ֆընիանոս եւ Արսլան կարգ մը ընտրաշրջաններու վերաբերեալ դիտողութիւններ կատարեցին:
«Սակայն ընտրական նոր օրէնքը պատմական նուաճում մըն է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով է, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը միասին նստած ու որոշած են, թէ ի՛նչ օրէնք կ՛ուզեն ունենալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիները իրենց կարգին պիտի ներկայացուին լիբանանեան խորհրդարանին մէջ, սակայն ատիկա պիտի իրականանայ ընտրական օրէնքի երկրորդ գործադրութեան ընթացքին:
Հարիրի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը պիտի բացատրուի թէ՛ ընտրողներուն եւ թէ՛ ընտրութեան հսկողներուն` աւելցնելով, որ այս մասին բացատրողական յայտագիրներ պիտի պատրաստուին:
Ան հաստատեց, որ ինք յաղթական կը զգայ արդի ընտրական օրէնք մը վաւերացնելուն համար` միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ կարելի չէ եղած համախոհութիւն գոյացնել 18 տարիքը ամբողջացուցած երիտասարդներուն քուէարկութեան իրաւունք շնորհելու առումով:
Ապա նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ստորագրեցին երկու պաշտօնական շրջաբերականներ, որոնցմէ առաջինը կը պահանջէր նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատրաստած ընտրական օրէնքը յետս կոչել, իսկ երկրորդը կը պահանջէր խորհրդարան ուղարկել կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական նոր օրէնքը:
Նախագահ Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիները ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումին առիթով` զայն նկատելով լիբանանեան քաղաքական կեանքի վերածնունդ:
Ան նշեց, որ ընտրական այս օրէնքը կը նուիրէ քաղաքական բոլոր այն կողմերուն, որոնք նախապէս անիրաւուած են նախորդ ընտրական օրէնքներէն:
Նշենք, որ կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին եւ ընտրական օրէնքին վերաբերող զարգացումները:
Պէտք է աւելցնել, որ կառավարութեան նիստին գումարուելէ առաջ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ նիստին ընթացքին պիտի պահանջէ Աւետարանական համայնքին պատկանող երեսփոխանական աթոռը Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան փոխադրել:
Ապա գումարուեցաւ նիստը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորեց նախարարները ընտրական նոր օրէնքի մշակումին առիթով` հաստատելով, որ այդ օրէնքին մշակումը մեծ նուաճում է` նկատի ունենալով, որ Լիբանան միշտ մեծամասնական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կը կատարէր` առանց արդար ներկայացուցչութիւն ապահովելու:
Նախագահ Աուն նշեց, որ հաւանաբար բացարձակ կերպով ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կարելի չէ ապահովել նաեւ մշակուած այս նոր օրէնքով, սակայն կարելի եղած է նուազագոյնը քայլ մը առաջ անցնիլ` աւելցնելով, որ կառավարութեան նիստը բաց պիտի մնայ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ընտրական օրէնքին մշակումը աւարտել, որպէսզի ուրբաթ օրուան խորհրդարանի նիստին անոր քննարկումը կարելի դառնայ:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր անդրանիկ յայտարարութեան մէջ յանձնառութիւն յայտնած է ընտրական նոր օրէնքի մշակումին առնչութեամբ` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցութեամբ կարելի եղած է այդ իրագործումը կատարել:
Հարիրի նշեց, որ ընտրական նոր օրէնքը քայլ մը առաջ կ՛անցնի լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու իմաստով:
Հարիրի հաստատեց, որ խորհրդարանը թափուր դրութեան ենթարկելու եւ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադառնալու վտանգները արդէն իրենց ետին կը գտնուին` աւելցնելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը թեքնիք երկարաձգում պիտի ըլլայ` կազմակերպել կարենալու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Հարիրի շեշտեց, որ իրագործուած այդ նուաճումը կատարելագործելու ճիգերը իրենց կարգին պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ կիներու իրաւունքներուն եւ քաղաքական կեանքին մէջ անոնց ներկայացուցչութեան հարցը եւս պէտք է վերջնական որոշումի տեսք ստանայ:
Ապա Հարիրի նախարարաց խորհուրդին ներկայացուց ընտրական օրէնքը, որուն շուրջ կատարուած քննարկումներէն ետք օրէնքը վաւերացուեցաւ` արձանագրելով անոր վերաբերող դիտողութիւնները:
Այդ դիտողութիւնները քննելու համար նախագահական պալատին մէջ այլ նիստ մը գումարեց ընտրական օրէնքի նախարարական յանձնախումբը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Նուհատ Մաշնուք, Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Փիեռ Ապու Ասի, Սելիմ Ժրայսաթի եւ Այման Շքէյր:
Հարիրի իր կարգին միացաւ այդ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքին մասին կարգ մը քաղաքական ուժերուն ներկայացուցած դիտողութիւնները:
Աւարտելէ ետք նիստը, նախարարական յանձնախումբը վերադարձաւ կառավարութեան նիստին, ուր օրէնքը վերջնականօրէն վաւերացուեցաւ` առանց ընդառաջելու նախարարներուն կողմէ ներկայացուած դիտողութիւններուն:
Ընտրական օրէնքի վաւերացումէն անմիջապէս ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց ընտրական օրէնքը քննարկելու լիագումար նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 16 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին: