Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը` Արցախ – Ազրպէյճան Վերջին Լարուածութեան Շուրջ

Յունիս 20, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 յունիսին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ լարել արդէն սրած իրավիճակը Արցախ – Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ: Երէկուընէ մինչ այսօր չորս հայ զինուորներ նահատակուեցան Ազրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերուն դէմ իրագործուած ռմբակոծութեան պատճառով:

Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրուեցան 2-5 ապրիլ 2016 քառօրեայ պատերազմէն ետք զինադադարի ամէնէն լուրջ խախտումները:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ պարտականութեան վրայ զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն:

Գրասենեակը կը յիշեցնէ նաեւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ դատապարտեցին Ազրպէյճանը` իբրեւ զինադադարը խախտող կողմ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Եւրոպայի մէջ իրենց երկրին մէջ Մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան ահռելի խախտումներուն, ինչպէս նաեւ խաւիարային դիւանագիտութեան ձախողութեան եւ Ազրպէյճանի կարգ մը «լոպիիսթ»-ներու դէմ դատական հետապնդումներու պատճառով ճնշման տակ ըլլալով, կը փորձեն ուշադրութիւնը շեղել դէպի Արցախ:

«Այն նոյն օրը, երբ Եւրոպական Միութեան դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութեանց յանձնակատար Եոհաննէս Հան Պաքու կ’այցելէ` Ազրպէյճան – Եւրոպական Միութիւն նոր համաձայնագիրին շուրջ խօսակցութեանց համար` Ազրպէյճան իր դրացիները կը գրգռէ եւ երեք զինուոր կը սպաննէ, անգամ մը եւս ցոյց տալով Ալիեւի վարչակարգին իսկական պատկերը», ըսաւ Կարապետեան: «Եւրոպայի ուժանիւթային բազմազանութիւնը պիտի չյաջողի Պաքուի մէջ վիճելի բռնապետ մը քաջալերելով, ինչ որ կը սպառնայ շրջանային խաղաղութեան», եզրափակեց Կարապետեան:

 

Նախորդը

Վիրաւոր Զինուորին Վիճակը Ծանր Է

Յաջորդը

Մանոյեան. «Հայաստանը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելով Աւելի Շատ Բան Ձեռք Բերած Է, Քան Միւս Պետութիւնները` Եւրոպական Միութեան Հետ»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?