Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 20 յունիսին այցելած է Մալայեանի անուան ակնաբուժական կեդրոն, ուր բուժում կը ստանայ վերջերս Արցախի մէջ վիրաւորուած զինուոր Միասնիկ Յովհաննիսեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը հետաքրքրուած է վիրաւոր զինուորին առողջական վիճակով, զրուցած անոր հետ` մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Բժիշկները ներկայացուցած են վիրաւոր զինուորին բուժման ընթացքը եւ արդիւնքները: