Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Եւրոպական Համարկումի Հարցերու Մնայուն Յանձնախումբը Երկար Դադարէ Ետք Նիստ Գումարած Է

Յունիս 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 յունիսին Նայիրա Զոհրաբեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է  Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկումի հարցերու մնայուն յանձնախումբի արտահերթ նիստը: Քննարկուած է «Քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ ազատութենէ զրկուած անձերու առողջութեան պահպանման իրաւունքի ապահովման վերաբերեալ» Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հրապարակային զեկուցումը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի եւրոպական համարկումի հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Նայիրա Զոհրաբեան նշած է, որ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկուցումին  վերաբերեալ վերապահումներ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական վարչութիւնը: Յանձնախումբի նախագահը տեղեկացուցած է, որ իրենց յանձնախումբը քրէակատարողական հիմնարկներ կատարած այցելութիւններու շրջագիծին մէջ արձանագրած է շարք մը խնդիրներ, որոնք յատկապէս կը վերաբերին բժշկական ծառայութիւններու ծայրայեղ ծանր վիճակին, մասնագէտ-բժիշկներու  պակասին, դեղորայքի ապահովման:

Ն. Զոհրաբեան ընդգծած է, որ կան օրէնսդրական կարգաւորումներ պահանջող խնդիրներ: Այս շրջագիծին մէջ ան անդրադարձած է «Մեթատոն» դեղամիջոցի հարցին եւ նշած, որ թմրանիւթերու   կախուածութենէն ազատելու համար մարդիկ կը ստանան այդ դեղամիջոցը, որուն տրամադրման թոյլտուութիւնը կ՛որոշէ քրէակատարողական հիմնարկի ղեկավարութիւնը: Նայիրա Զոհրաբեանի համաձայն, կամայականութիւններէ խուսափելու համար պէտք է օրէնքով սահմանուի պարտադիր դեղորայքի ցանկ` քրէակատարողական հիմնարկներու համար: Ան առաջարկած է նաեւ քրէակատարողական հիմնարկի վարչութեան ենթակայութենէն հանել բժիշկները:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան նշած է, որ քրէակատարողական հիմնարկներուն մէջ իրավիճակի վերլուծութիւնը զեկուցումին մէջ ներկայացուած է 2016-ի դրութեամբ, մատնանշուած են համակարգային խնդիրները եւ անոնց լուծման միտուած ուղիները: Մարզի խնդիրներու քննարկումի եւ լուծման հարցով ան կարեւոր նկատած է խորհրդարանի, կառավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, փաստաբաններու եւ լրատուամիջոցներու դերը: Ա. Թաթոյեան տեղեկացուցած է, որ իրենց ներկայացուցած զեկուցումին հիման վրայ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական վարչութիւնը առաջարկներ պիտի ներկայացնէ: Անոր համաձայն, զեկուցումին հիման վրայ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը պիտի ներկայացնէ շարք մը իրաւական փաստաթուղթերու մշակման առաջարկներ:

Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ազատութենէ  զրկուած անձերու խնամքի կազմակերպման, մարզերուն մէջ, յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ստորաբաժանումներու զօրացման, քրէակատարողական հիմնարկներուն մէջ բժշկական ծառայութիւններու իրականացման որակին եւ այլ հարցերու: Ազգային ժողովի պատգամաւորները ներկայացուցած են մարզին առնչուող օրէնսդրական կարգաւորումներու վերաբերեալ առաջարկներ:

Հանդիպումի աւարտին Նայիրա Զոհրաբեան տեղեկացուցած է, որ յանձնախումբը պիտի շարունակէ այցելութիւնները  քրէակատարողական հիմնարկներու, որոնցմէ ետք պիտի հանդիպի Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու հետ` խնդիրները քննարկելու նպատակով:

 

Նախորդը

Հանդիպումներ Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին Ընդառաջ

Յաջորդը

Հայաստան Մտադիր Է Ընդլայնելու Զինուորական Արտադրութեան Տեսականին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In