Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պաքու Կը Կրակէ ԵԱՀԿ-ի Ուղղութեամբ. Հասցէականէն Դէպի Պատժելիութիւն Անցումի Անհրաժեշտութիւնը

Յունիս 19, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
1
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ միանգամայն երեք եւ ապա չորրորդ զոհ տալը ցնցիչ է անշուշտ եւ խորագոյն ցաւի կ՛առաջնորդէ համայն հայկական աշխարհը:

Վերջին շրջանին նկատելի էր, որ շփման գիծի երկայնքին հայկական կողմը դիրքերը օժտած էր ռազմական արհեստագիտութեան համարժէք սարքերով, պաշտպանունակութեան աստիճանաչափը բարձրացնող եւ հակառակորդի շարժումներուն մինչեւ խորերը դիտարկող տեսանելիութեան գործիքակազմերով: Այս իրողութիւններուն իբրեւ անմիջական արդիւնք զգալիօրէն չէզոքացուած էր թշնամիի ոտնձգութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը:

Այժմ կարգը կը խախտէր դարձեալ, եւ արձակազէնները կը յաջողէին խփել թիրախներ, երիտասարդ կեանքեր, իրենց հայրենիքի սահմանները պաշտպանող զինուորներ:

Բնական է, որ ազրպէյճանական կողմը ձեռնածալ պիտի չմնար եւ պիտի շարունակէր սահմանագիծին վիճակը թէժ պահելու իր վարքագիծը, յատկապէս բանակցութիւններու վերսկսման հաւանականութեան նախօրեակին: Պատերազմական իրավիճակի խաբկանք ստեղծել` բանակցութիւններուն գոյավիճակը փոխելու եւ արմատական լուծումներու առաջնորդելու ձախողած մարտավարութիւնը վերակիրարկելով:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու վերջին հասցէական յայտարարութենէն ետք, Ազրպէյճանը վերստին կը դիմէր միեւնոյն արկածախնդրական միջոցին: ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակը փակելով, անդադար զինադադար խախտելով, հասցէական մեղադրանքները անտեսելով Պաքուն կը շարունակէր փաստօրէն իր հետեւողականութիւնը ցոյց տալ  յարձակողապաշտութեան եւ մաշումի ռազմական այս քաղաքականութեան դրսեւորման առումով:

ԵԱՀԿ-ը այս պարագային իր հեղինակութիւնը պահելու խնդիր ունի: Պատահածը պարզապէս պատասխան է ԵԱՀԿ-ի կողմէ հնչած հասցէական մեղադրանքին, պարզապէս փոխանցելու, որ միջազգային ընտանիքի որոշած միջնորդական այս ձեւաչափին կողմէ հնչած յայտարարութիւնները որեւէ իմաստ չունին Պաքուի համար:

ԵԱՀԿ-ը հետեւողականութիւն ցոյց տալու խնդիր ունի անմիջականօրէն. հաւասար պատասխանատուութենէն դէպի հասցէական մեղադրանք անցում կատարած ԵԱՀԿ-ը այս պարագային իր քայլերուն ուղղութեամբ նոր փուլ թեւակոխելու անհրաժեշտութեան առջեւ է:

Պաքուն իր անհամաձայնութիւնը յայտնելով պատճառ կը դառնայ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակուելուն. Պաքուն չ՛ընդառաջեր մշտադիտարկման համար շփման գիծը յաւելեալ գործիքակազմերով օժտելու միջազգային առաջադրանքին: Պաքուն կը շարունակէ խախտել հրադադարը: Պաքուն կ՛անտեսէ հասցէական մեղադրանքը: Ուրեմն®

Ուրեմն ԵԱՀԿ-ին կը մնայ հասցէականէն անցնիլ պատժականի: Այլապէս Պաքուի կողմէ սանձազերծուող ռազմական արկածախնդրութիւններուն հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ եւ պատճառ դառնալ նոր բռնկումներու:

Ռազմական արկածախնդրութեան վերլուծումը կը համոզէ, որ Պաքուն չի վստահիր իր ուժերուն վերսկսելու համար լայնածաւալ պատերազմ: Ապրիլեան կասեցումը, եւ ոչ միայն կասեցումը, այլ հայկական ուժերու յառաջխաղացքն ու Պաքուի կողմէ յայտարարուած միակողմանի զինադուլը այդ համոզման հիմնաւորումին կը ծառայեն: Եղածը փորձ է մաշումի պատերազմի եւ դասական մարտավարութիւն բանակցութիւններու վերսկսման նախօրեակին շփման գիծը հրդեհելու:

ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւնները կը վերաբերին առաւելաբար միջնորդելու, բանակցութիւններու սեղանին շուրջ կողմերը համախմբելու, զինադադարին հսկելու: ԵԱՀԿ-ը սակայն իր հեղինակութիւնը պահելու համար դիրքորոշումներու մագլցողականութեան հետեւողականութիւն ցոյց տալու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Այս պատճառով ալ տեսանելի տրամաբանական յաջորդ միակ փուլը հասցէականէն ետք պատժելիութիւնն է:

Զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները կը համոզեն սակայն, որ միջազգային ընտանիքէն հրապարակային այս ակնկալութիւնները, որոնք օրինաչափ են եւ համահունչ հայկական կողմի կիրարկած արտաքին քաղաքականութեան, գետնի վրայ բաւարար պիտի չըլլան սանձահարելու ազրպէյճանցի պաշտօնական արկածախնդիրները:

Պատժիչ ու ցաւոտ գործողութիւնները իրեն կը վերապահէ հայկական կողմը, որ ահաբեկչական պետական միաւորի հետ վարուելու մարտավարութեան տիրացած է:

Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ հայկական կողմը ե՛ւ իբրեւ դիւանագիտութիւն, ե՛ւ իբրեւ զինուած ուժեր`

Ա.- Միջազգային ընտանիքէն պիտի շարունակէ պահանջել հասցէականէն պատժելիութեան անցումը,

Բ.- Պիտի շարունակէ ռազմական բարձր արհեստագիտութեամբ շարունակել օժտել ամբողջ սահմանագիծը,

Գ.- Իրեն պիտի վերապահէ թշնամիի հաւանական բոլոր ոտնձգութիւնները սանձահարելու, պատժելու եւ զսպելու առաջնային գործառոյթները:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Իրավիճակի Սրումը Համանախագահ Երկիրներուն Նետուած Հերթական Մարտահրաւէրն Է»

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ 400 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ Ռոնալտոյի Համար

RelatedPosts

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յունուար 27, 2023
Մշակոյթի Նախարարութեան Եւ Համազգայինի  Միջեւ Համագործակցութեան  Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիրով.  Մշակոյթի Նախարարութիւնը Կը Ճանչնայ  Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները
Գաղութային

Մշակոյթի Նախարարութեան Եւ Համազգայինի Միջեւ Համագործակցութեան Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիրով. Մշակոյթի Նախարարութիւնը Կը Ճանչնայ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները

Յունուար 27, 2023
Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով  Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու  Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Յունուար 27, 2023

Comments 1

  1. Bedros Zerdelian says:
    6 years ago

    Առանց ժամանակ կորսնցնելու ռւժգին հակահարուածելու ենք մատնելով թշնամին ամբողջական լռութեան։

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In