Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ շաբաթ, 17 յունիսի առաւօտեան Ազրպէյճանը Արցախի հիւսիսային ուղղութեամբ դիմած է հերթական սադրանքի, որուն պատճառով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1997-ի ծնունդ Նարեկ Գասպարեանը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսելով կորստեան ծանր վիշտը, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն եւ կը վստահեցնէ, որ միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու անհասցէ յայտարարութիւններէն ոգեւորուած հակառակորդի դարանակալ գործողութիւններու պատասխանը պիտի ըլլայ թիրախային եւ անհամարժէք:
Միւս կողմէ, նախագահ Բակօ Սահակեան 17 յունիսին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինուորներ Վարդան Սարգսեան, Արայիկ Մատինեան եւ Վիգէն Պետրոսեան յետմահու պարգեւատրուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:
Նոյն օրը, այլ հրամանագիրով մը նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար զինուոր Նարեկ Գասպարեանը յետմահու պարգեւատրած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: