Երէկ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի շրջանային օժանդակութեան հիմնադրամը` ընդառաջելով սուրիական տագնապին ահազանգներուն, որդեգրած է նոր ծրագիրներ, որոնց ընդհանուր գումարը կը հասնի 275 միլիոն եւրոյի: Այս ծրագիրներուն միջոցով Եւրոպական Միութիւնը պիտի օժանդակէ սուրիացի գաղթականներուն եւ զանոնք հիւրընկալող համայնքներուն Թուրքիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի, Արեւմտեան Պալքաններուն եւ Հայաստանի մէջ:
Վերոնշեալ ընդհանուր գումարէն միայն 3 միլիոն եւրոն պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ գաղթականներու օժանդակութեան, որ կ՛ընդգրկէ բնակարանային պայմաններու բարելաւումը, առողջական եւ հոգեբանական-ընկերային ծառայութիւններու մատչելիութիւնը, տնտեսական կարելիութիւններու ընդլայնումը եւ աշակերտներու ու ուսանողներու համարկումին դիւրացումը: