Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 յունիսին ներկայ գտնուած է Ստեփանակերտի մէջ սկսած Հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու երրորդ ֆորումի բացման արարողութեան եւ արտասանած ողջոյնի խօսք մը` ողջունելով Արցախի տագնապին գծով քաղաքական ուժերուն դրսեւորած միացեալ կեցուածքը:
«Քաղաքական նման համաժողովները լաւ հարթակ են հայոց պետականաշինութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, համաշխարհային ու շրջանային զարգացումներուն վերաբերող տարբեր հարցեր քննարկելու եւ անոնց առնչութեամբ աւելի խոր պատկերացում կազմելու», իր խօսքին մէջ շեշտած է նախագահ Սահակեան: Ան ընդգծած է, որ հայկական քաղաքական դաշտը ներկայացնող կուսակցութիւններն ու ուժերը հայ ժողովուրդի համար ճակատագրական պահերուն կրնան միաւորուիլ եւ միասնական ուժերով պաշտպանել ժողովուրդին ու պետութեան շահերը` նման օրինակները նկատելով հայոց պետականութեան կենսունակութեան հիմքերէն: «Քաղաքական ուժերը նման միասնականութիւն դրսեւորած են յատկապէս Արցախի ներկային եւ ապագային առնչուած հարցերուն մէջ: Մեծապէս համոզուած եմ, որ այն իրականութիւնը, որ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է ըլլայ հզօր, ժողովրդավարական պետութիւն, որ միշտ ի վիճակի պիտի ըլլայ ապահովելու իր անվտանգութիւնը, հիմնարար սկզբունք է հայկական բոլոր քաղաքական ուժերուն համար», իր խօսքին մէջ շեշտած է նախագահ Սահակեան:
Միեւնոյն նիստին խօսք առած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է վերոնշեալ ֆորումին: Ան նման համախմբում մը կարեւոր նկատած է թէ՛ միջկուսակցական, եւ թէ՛ միջպետական ու համազգային խնդիրներ քննարկելու համար: «Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւնները` իբրեւ կազմակերպութիւններ, կը գտնուին քաղաքական եւ ընտրական տարբեր տարածքներու մէջ, սակայն անոնք հայակեդրոն եւ հայանպաստ գործունէութիւն կը ծաւալեն միեւնոյն` հայկական տարածքին մէջ: Անոնք ունին իրարու շատ մօտ քաղաքական ծրագիրներ, քաղաքական նպատակներ, որոնք կը բխին երկու պետութիւն ունեցող մէկ ժողովուրդի առաջնահերթութիւններէն, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն», շեշտած է ան: Արա Բաբլոյեանի համաձայն, հայկական կուսակցութիւնները ունին հարուստ քաղաքական դրամագլուխ, որ կրնայ արդիւնաւէտօրէն օգտագործուիլ այդ նպատակներուն հասնելու համար:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձած է նաեւ Արցախի հարցին` իբրեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններէն մէկը, որ իր ուրոյն տեղը ունի Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական ուժերուն ծրագիրներուն մէջ: «Համապետական բոլոր ընտրութիւններուն իրենց նախընտրական ծրագիրներուն մէջ անոնք առանձին բաժին կը յատկացնեն Արցախի հարցին, Արցախի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններուն, պատրաստ են նպաստելու տնտեսական զարգացման, պաշտպանելու անոր անվտանգութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Հայաստանեան քաղաքական ուժերը Արցախի կուսակցութիւններուն յուսալի գործընկերներն են եւ պատրաստ են իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնելու` անոնց քաղաքական փորձառութիւնը աւելցնելու, տեղեկատուական շտեմարանն ու միջազգային կապերը ընդլայնելու», դիտել տուած է ան: