Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի Կը Պահանջէ Աւետարանականներու Աթոռի Փոխադրութիւնը Պէյրութ Ա. Եւ Արտերկրի Մէջ Հայ Աթոռի Յաւելումը

June 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նիստի ընթացքին խօսք առնելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Ի վերջոյ հասանք համաձայնութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը, որ դժբախտաբար կը մեկնի Լիբանանի համայնքային դրութենէն: Հասանք օրէնքի մը, որուն հիմնական նպատակն էր երկրին խնայել պարապութիւնը»:

Ան շարունակեց. «Մեկնելով արդարութեան եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան սկզբունքէն, եղան ընտրատարածքներու նոր դասաւորումներ, որոնց կարգին Պէյրութ, որ վերագտաւ անցեալի վիճակը` թէկուզ ձգելով համայնքային բաժանումի տպաւորութիւն:

«Այս ծիրին մէջ կատարուեցաւ նաեւ աթոռի փոխադրութիւն: Արդար է, եւ գոհ ենք, որ փոքրամասնական աթոռը Պէյրութ Բ.-էն փոխադրուեցաւ Պէյրութ Ա., ուր փոքրամասնական քուէարկողներու թիւը աւելի է, թէեւ մենք կը նախընտրէինք յատուկ աթոռներ յատկացնել ասորիներու համայնքին: Այսուհանդերձ զարմանալի է, որ նոյն տրամադրութիւնը չգործադրուեցաւ աւետարանական համայնքի աթոռին պարագային: Համայնք, որուն զաւակներն են հայ եւ ոչ հայ աւետարանականներ: Փաստօրէն, մինչ Պէյրութ Բ.-ի մէջ աւետարանական քուէարկողներու թիւը 2968 է, Պէյրութ Ա.-ի մէջ` 3900: Այլ խօսքով, համայնքի մեծամասնութիւնը կը քուէարկէ Պէյրութ Ա.-ի մէջ, բայց իրեն զլացուած է քուէարկել իր երեսփոխանին: Հետեւաբար, ՀՅ Դաշնակցութեան անունով անարդար կը գտնենք այս անտեսումը եւ կը պահանջենք սրբագրել զայն, որպէսզի յարգած ըլլանք համայնքին իրաւունքն ու ճշգրիտ եւ արդար ներկայացուցչութիւնը:

«Ինչ կը վերաբերի արտերկրի լիբանանցիներուն յատկացուած 6 աթոռներուն, մէկէ աւելի անգամներ խօսուեցաւ հիմնական համայնքներուն մասին: Լիբանանի մէջ Թաէֆի համայձայնագիրով կան 7 գլխաւոր համայնքներ, որոնց կարգին` հայ համայնքը, որ նաեւ պէտք է ներկայացած ըլլայ արտերկրի երեսփոխանով մը: Անհրաժեշտ է թիւը այնպէս մը բարձրացնել, որ ապահովուած ըլլայ այլ համայնքներու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

«Ինչ կը վերաբերի 8 տարի ետք խորհրդարանի 128 անդամներու թիւի նուազեցման` արտերկրի երեսփոխաններուն թիւը ներառելով անոր մէջ, ապա մենք դէմ ենք նման որոշումի», եզրափակեց Բագրատունի:

Նախորդը

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց Համամասնական Ընտրական Օրէնքը

Յաջորդը

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Չորրորդ Փոխարինման Դրութիւն` Երկարաձգման Ընթացքին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.