Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիա Շահագրգռուած Է Համագործակցելով Հայաստանի Կառավարութեան Հետ Որոշակի Ուղղութիւններով

Յունիս 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Հայաստանի մէջ  Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորտը:

Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը` վարչապետը ընդգծած է, որ անցեալ տարիներուն ընթացքին կուտակուած է համագործակցութեան հարուստ փորձ: Կարէն Կարապետեան բարձր գնահատած է Բրիտանիոյ կողմէ Հայաստանի տնտեսական եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման նպատակով ցուցաբերուած օժանդակութիւնը եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է համագործակցութեան ընդլայնումով` յատկապէս տնտեսութեան մարզին մէջ: Այնուհետեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան անդրադարձած է գործարարական  միջավայրի բարելաւման ուղղուած քայլերուն եւ կառավարութեան գործունէութեան նոր ծրագիրին: Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութեան նոր ծրագիրին մէջ յստակ ձեւակերպուած են մեր երկրին զարգացման ուղիներն ու տեսլականը:

Իր կարգին, դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորտ նշած է, որ Բրիտանիա շահագրգռուած է համագործակցելով Հայաստանի կառավարութեան հետ յստակ ուղղութիւններով եւ տեղեկացուցած, որ արդէն իսկ հաստատուած է Հայաստանի դատաիրաւական մարզի բարեփոխումներուն, փտածութեան դէմ պայքարին ուղղուած օժանդակութիւնը բարձրացնելու ծրագիրը: Դեսպանը ընդգծած է, որ բրիտանական ընկերութիւններու  շրջանակին մէջ մեծ է հետաքրքրութիւնը մեր երկրի արդիւնաբերութեան եւ ուժանիւթի մարզին մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ: Դեսպան Ֆարնոուրտ յոյս յայտնած է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ հայաստանեան 17 եւ բրիտանական 100 ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ մարտին տեղի ունեցած հանդիպումներու իբրեւ արդիւնք պիտի ստորագրուին գործարարական մարզին վերաբերող համաձայնագիրներ եւ աւելցուցած, որ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կ՛առնուին յատուկ քայլեր:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է բրիտանական դրամագլուխի եւ գործառոյթի կառավարման մշակոյթի ներգրաւումը Հայաստանի մէջ նախատեսուող տարբեր ծրագիրներու մէջ եւ ընդգծած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է յստակ  ուղղութիւններով ծաւալելու աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւն:

Ֆարնուորտ. «Զինադադարի Պայմաններու Մէջ
Այդ Երիտասարդներուն Մահը Ցաւալի Եւ Անընդունելի Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 20 յունիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորտը:

Ողջունելով դեսպանը` Արա Բաբլոյեան ցաւով անդրադարձած է վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն, որոնց պատճառով բազմաթիւ մարդիկ զոհուած են:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը նշած է. «Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ  մարդկութեան դէմ իրականացուող յանցագործութիւնները եւ կարեւոր կը նկատէ այդ չարիքը արմատախիլ ընելու պայքարին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերու միաւորումը»:

Արա Բաբլոյեան գոհունակութեամբ փաստած է, որ Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու երկկողմանի օրակարգը  հետզհետէ կ՛ընդարձակուի` արձանագրելով հայ-բրիտանական քաղաքական համագործակցութեան աշխուժութիւն:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատած է  Հայաստանի մէջ Բրիտանական խորհուրդին գործունէութիւնը, որուն  շնորհիւ մեր երկրին մէջ կ՛իրականացուին բազմաթիւ կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ` նպաստելով հայ-բրիտանական կապերու  ամրապնդման:

Արա Բաբլոյեան նշած է, որ Հայաստան կ՛ընթանայ  ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու, մարդու իրաւունքները պաշտպանելու յստակ ուղղութեամբ` աշխարհին մէջ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան համար պայքարող քաղաքակիրթ հանրութեան մաս կազմելով:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` Արա Բաբլոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է այդ հարցին շուրջ ունեցած Բրիտանիոյ դիրքորոշման համար եւ նշած, որ Հայաստան հաստատակամ է տագնապը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ լուծելու:

Ազգային ժողովի նախագահը ըսած է. «Իբրեւ բժիշկ` աւելի կարեւոր կը նկատեմ մարդկային կեանքը եւ ցաւ կ՛ապրիմ, երբ խաղաղ պայմաններու մէջ, զինադադարի ժամանակ երիտասարդներ կը զոհուին: 21-րդ դարուն եւ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ասիկա անընդունելի է»:

Դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորտը շնորհաւորած է Արա Բաբլոյեանը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելուն առիթով:

Դեսպանը նշած է, որ Բրիտանիան խորհրդարանական կառավարման մեծ փորձառութիւն ունի եւ կրնայ աջակցիլ Հայաստանին` խորհրդարանական վերահսկողութեան մեքանիզմները զարգացնելու, ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ:

Դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորտ ցաւակցութիւն յայտնած է վերջին օրերուն շփման գիծին մէջ զոհուած չորս զինուորներու մահուան առիթով` նշելով, որ ե՛ւ պատերազմի, ե՛ւ զինադադարի պայմաններուն մէջ այդ երիտասարդներուն մահը ցաւալի եւ անընդունելի է: Այս շրջագիծին մէջ դեսպանը ըսած է, որ Բրիտանիա կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մօտեցումներուն եւ տագնապի լուծումը կը տեսնէ բացառապէս բանակցային ճամբով:

Դեսպանը նշած է, որ երկիրները չեն կրնար ընտրել իրենց աշխարհագրական դիրքը, բայց կրնան ընտրել ապագան. Հայաստանի մէջ տեսանելի են ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու  պաշտպանութեան, խօսքի ազատութեան ուղղութեամբ կատարուող քայլերը:

Հանդիպումի աւարտին զրուցակիցները անդրադարձած են կառավարման խորհրդարանական համակարգին, մեր երկրին մէջ  ժողովրդավարութեան զարգացման, հայ-բրիտանական խորհրդարանական համագործակցութեան առնչուող հարցերուն:

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Պիտի Օժանդակէ Հայաստան Ապաստանած Սուրիահայ Գաղթականներուն

Յաջորդը

Ռաուլ Կոնզալես` Ռէալ Մատրիտի Փոխնախագահ

RelatedPosts

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով  Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու  Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Յունուար 27, 2023
Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի  Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական  Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ  Փաստեր Ներկայացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ Փաստեր Ներկայացուցած Են

Յունուար 27, 2023
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը  Եւ Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են  Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Հոլովոյթը
Հայկական

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Եւ Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In