Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանեան Տեսանելի Շրջադարձ Եւ Զգալի Տեղաշարժ

Յունիս 23, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կառավարութիւնը բաղկացնող ուժերու ղեկավարներու հաւաքը խորքին մէջ կը ծառայէ ոչ թէ արտակառավարական ձեւաչափով հարցերու քննարկման նախադէպ ստեղծելու, այլ երկրի ճակատագրորոշ պահուն աշխատանքային նորուղենիշերու ճշդումը ամրագրելու:

Արտակառավարական այս նիստը, խորքին մէջ իր էութեամբ կը տարբերի ցարդ գումարուած ազգային երկխօսութեան նիստերէն, որոնք ի բացակայութիւն պետական հաստատութիւններու բնականոն գործունէութեան կամ անոնց անդամալուծման դիմաց երկրի հիմնական համայնքներու եւ ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ կապն ու խորհրդակցութիւնը բաց պահելու կը միտէին առանց գործնական որոշումներու յանգելու:

Ասիկա տեղի կ՛ունենայ, երբ պետական կառոյցները աշխուժօրէն կը գործեն, եւ ո՛չ միայն կը գործեն, այլ նաեւ համալիբանանեան մակարդակի վրայ կը կայանայ պատմական համաձայնութիւն` նոր ընտրակարգով երկիրը անդառնալիօրէն դուրս բերելու համար ստեղծուած փակուղիներէն:

Հետեւաբար արտակառավարական, բայց խորքին մէջ կառավարութիւնը բաղկացնող ուժերու առաջին դէմքերով գումարուած այս նիստը գործնական նախանիշեր ամրագրեց հետագայ աշխատանքներուն: Փաստօրէն փլաթֆորմային այս առաջնահերթութիւններուն ուղղութեամբ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործել եւ իրականացնել այն, ինչ որ երէկուան նիստը իբրեւ հիմնական ուղղութիւններ ճշդեց Լիբանանը բազմերես տագնապներէ դուրս բերելու համար:

Այսպէս, բնակեցման թղթածրարին նկատմամբ որդեգրուած միասնական կեցուածքէն անցնելով ոչ լիբանանեան ուժերու երկրի տարածքին գործելու անընդունելիութիւն, անցնելով տնտեսական մարզի արմատական բարեփոխումներու, կրթութեան եւ տեղեկատուական մարզերու վերաբերող շատ հիմնական սկզբունքներու, հասնելու համար մինչեւ քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութեան սկզբունքի կիրարկում, ժողովրդավար կարգերու ամրապնդում, ելեկտրականութեան չարչրկող թղթածրարի հանգուցալուծում, հանրային փոխադրամիջոցներու (նոյնիսկ գնացքի ենթակառոյցի հաստատում) եւ զբօսաշրջութեան նպատակով ծովեզերքի լիարժէք օգտագործում եւ նաւահանգիստներու կառուցում` Լիբանանին նոր հասարակարգ ապահովելու, զայն նոր դիմագիծով օժտելու շատ հիմնարար առաջադրանքներ ճշդուած են:

Կը թուի, որ այս առաջադրանքները արդէն իսկ բանաձեւուած էին եւ կը սպասէին ամրագրուելու նոր ընտրակարգի որդեգրումէն ետք: Տասնամեակներու վրայ երկարող հանգուցուած թղթածրարներու նախ լոյսին գալն ու ապա հանգուցալուծման պատրաստ վիճակի մէջ դրուիլը նախ եւ առաջ քաղաքական կամքի դրսեւորման փաստ է: Յայտնաբար բոլոր կողմերը գիտակցած են, որ պարանաձգութիւնները կամ հարցերու անժամկէտ սառեցումները որեւէ ձեւով նուազագոյն առաւելներ չեն ապահոված, հետեւաբար սայլը տեղէն շարժելու պահը հասունցած է: Քաղաքական մօտեցումի իրատեսութեամբ պարզ է նաեւ, որ քաղաքական կամքի դրսեւորման համար արտալիբանանեան արգելքներ չեն գործեր գէթ այս պահու դրութեամբ:

Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար սակայն, որ այս ճակատագրորոշ տեղաշարժը չմեկնաբանուէր սոսկ արտալիբանանեան ուժերու կողմէ շնորհուած արտօնութեամբ: Ասիկա, պիտի ուզէինք հաւատալ, որ համալիբանանեան համախոհութեան, համաձայնութեան եւ քաղաքական հաւաքական կամքի դրսեւորումի արդիւնք է, որ նոր մեկնարկ կ՛ապահովէ այս երկրին:

Լիբանանը այս ձեւով  կրնայ սկիզբը դնել ո՛չ միայն իր ներքին ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ամլութեան առաջնորդած ընթացքի կազմաքանդումին, այլ նաեւ նոր դերակատարութիւն ստանձնել այլապէս անմխիթար իրավիճակ պարզող ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:

Միջդաւանական լարուածութիւններով յատկանշուող, կրօնի տարազին տակ ծայրայեղական ամէնէն անմարդկային վայրագութիւններով բնութագրուող պատերազմներու հրդեհներէն ո՛չ այնքան հեռու եւ ո՛չ այնքան մօտ Լիբանանը ազգային քաղաքական գիտակցութիւն կը դրսեւորէ համախմբուելով եւ մանաւանդ համաձայնութիւններու հիման վրայ նոր ընտրակարգ եւ նոր հասարակարգ ձեւաւորելու շատ կարեւոր որոշումներու յանգելով:

Մեկնարկը տրուած է. տեղաշարժը` տեսանելի եւ զգալի. կը մնայ, որ լիբանանցին անմիջականօրէն զգայ բարեփոխումներու ազդեցութիւնը եւ ատով իսկ հետզհետէ իր վստահութիւնը վերականգնէ պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ` համոզուելով, որ աշխատանքային փլաթֆորմը ձեւ ու մարմին կը ստանայ փուլ առ փուլ այլեւս ոչ երկարատեւ ժամանակի ընթացքին:

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց Կառավարութեան Ծրագիրը

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Բացայայտեցին Նաեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նմանակին

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?