Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Բնապահպանութեան Նախարար Արծուիկ Մինասեանի Հանդիպումը` Դեսպան Փէոթր Սվիթալսքիի Ղեկավարած Պատուիրակութեան Հետ

June 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փէոթր Սվիթալսքիի ղեկավարած պատուիրակութեան հետ:

Ողջունելով հիւրերը` Արծուիկ Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան այս մարզին ցուցաբերած աջակցութեան ու միացեալ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք արձանագրուած ձեռքբերումներուն համար. ան կարեւոր նկատած է հետագայ համագործակցութեան եւ իրականացուելիք ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը նոր որակի բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Բնապահպանութեան նախարարը ներկայացուցած է մարզին մէջ գերատեսչութեան կողմէ կատարուող գործողութիւններու ռազմավարութիւնը եւ բարեփոխումներու ընթացքը` տեղեկացնելով, որ վերոյիշեալ նախաձեռնութիւններու մարզին մէջ կատարուած հիմնական քայլերէն մէկը ուղղուած է ապականութեան վտանգի նուազեցման: Այդ նպատակով ներկայիս կը ձեւաւորուի բնապահպանման արտօնութիւններու միասնական ելեկտրոնային համակարգ` էականօրէն դիւրացնելով տնտեսավարող կառոյցներու եւ պարզ անձերու արտօնութիւններու տրամադրութեան հոլովոյթը:

Լայնածաւալ աշխատանքներ կը տարուին բնապահպանման ուղղուածութիւն ունեցող դրամաշնորհային ծրագիրները աւելցնելու համար: Նախարարը յայտնած է, որ նախարարութեան գերակայ ուղղութիւններէն է միջազգային նուիրատուներու հետ համագործակցութիւնը, եւ այդ նպատակով ձեւաւորուած է նուիրատուներու խորհուրդ, որ թոյլ պիտի տայ ո՛չ միայն միջազգային գործընկերներուն ծանօթացնել իրենց ծրագիրները, այլեւ տեղեկացնել այդ ուղղութեամբ պետութեան տարած աշխատանքներուն մասին:

Սվիթալսքի շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, Արծուիկ Մինասեանին յայտնած է իր ջերմ շնորհաւորութիւնները նախարարի պատասխանատու պաշտօնին կրկին նշանակուելուն առիթով եւ կիսած անոր հնչեցուցած կարծիքը` համագործակցութիւնը որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարութեան ծրագիրը հանգամանալից կերպով ներկայացնելուն համար` դեսպանը կարեւոր նկատած է «Կանչ Հայաստանի» գաղափարը, որ հակառակ թեքնիք յառաջընթացի ներկայ ծաւալներուն, Հայաստանի ապագան է:

Ա. Մինասեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրին մէջ ներառուած են 36 բնապահպանական նախաձեռնութիւններ, որոնց ընդհանուր գաղափարն է կանաչ տնտեսութիւնը:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Փէոթր Սվիթալսքիին` Եւրոպական Միութեան Արտօնութիւններու ընդհանրացած համակարգը (GSP+) Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ դարձնելու ուղղութեամբ ցուցաբերած ջանքերուն համար` յիշեցնելով, որ եւրոպական երկիրներու հետ Հայաստանի արտօնեալ առեւտրական դրութիւն սահմանող վերոյիշեալ համակարգի գործածութիւնը ապահովող միջազգային համաձայնագիրներէն 8-ն բնապահպանական ուղղուածութեան են, եւ հայկական կողմը կը գործադրէ բոլոր միջոցները` այդ համաձայնագիրներով յառաջընթաց ապահովելու համար:

Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարը դեսպանէն խնդրած է աջակցիլ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն կողմէ կատարուող բնապահպանական ծրագիրներուն վերաբերեալ տեղեկատուութեան տրամադրութեան հարցին մէջ, որպէսզի Հայաստանը կարենայ անոնց մէջ ներգրաւուելու կարելիութիւններուն ծանօթանալ եւ համապատասխան առաջարկ ներկայացնել:

Կողմերը քննարկած են նաեւ «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրի իրականացման ընթացքին, նաեւ «Պարտք` բնութեան պահպանութեան դիմաց» նախաձեռնութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումի աւարտին կողմերը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են լիարժէք եւ անհրաժեշտ ժամկէտներուն շարունակելու համագործակցութիւնը` բնապահպանական քաղաքականութեան իրականացման բոլոր ուղղութիւններով:

 

Նախորդը

Արամ Մանուկեանի Տունը Պիտի Պահպանուի

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.