Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քրտական Գործօնի Աշխարհաքաղաքական Շահարկումը

Յունիս 24, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքեան Քիւրտիստանը կը նախապատրաստուի ինքնավար կարգավիճակը բարձրացնելու անկախ պետութեան: Ընդհանրապէս որեւէ զօրակցական բացայայտ պաշտօնական կեցուածք չէ երեւցած որեւէ պետութեան կողմէ: Տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակ չստեղծելու, վերապահութեան եւ ընթացակարգը չքաջալերող յայտարարութիւններ են ընդհանրապէս գերտէրութիւններու կողմէ: Առաւելագոյն պարագային լուռ, զուսպ մնացողներ, անուղղակիօրէն ձեռնպահ մնալով համաձայնութիւն յայտնելու մօտեցումները մատնելով:

Յայտարարութիւնները սակայն կրնան իրողական դիրքորոշումներու հետ կապ չունենալ: Իրաքեան Քիւրտիստանը ո՛չ միայն ներքին, այլ նաեւ արտաքին ուղղութիւններով իբրեւ անկախ պետական միաւոր կը շարժէր թէ՛ Արեւմուտքի հետ եւ թէ՛ տարածաշրջանի այլ պետութիւններու հետ անմիջականօրէն կապեր հաստատելով եւ օրինչափօրէն արտաքին քաղաքականութիւն վարելով:

Զինեալ ուժերով եւ ոստիկանութեամբ կամ համապատասխան գերատեսչութիւններով իրաքեան Քիւրտիստանը պետական միաւորի բոլոր գործառոյթները կ՛իրականացնէր արդէն եւ իրողապէս անկախ կարգավիճակի բոլոր ստորոգելիները ապահոված էր:

Զինեալ ուժերը ո՛չ միայն կը պաշտպանէին իրենց տարածքին սահմանները, այլ նաեւ հիմնարար մասնակցութիւն կ՛ունենային շրջանին սպառնացող ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացման պատերազմին:

Ահա այստեղ է փաստօրէն կամ յատկապէս Մուսուլի ազատագրութեան ռազմական գործընթացին առընթեր, որ իրաքեան Քիւրտիստանը ինքնավարութենէն անկախութիւն անցումի միջազգային իրաւաչափութեամբ քայլ առնելու կը նախապատրաստուի: Ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները այս կէտին վրայ հիմնովին փոխկապակցուած են:

Քրտական գործօնը լուրջ եւ ազդեցիկ կռուան է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ սանձազերծուած պատերազմին: Այս գործօնի խաղաթղթային եւ ճնշամիջոցային կարգավիճակն է, որ կը բարձրացուի: Միաժամանակ պէտք է այնպէս մտածել, որ անկախութեան հանրաքուէ չի նշանակեր անկախութեան ճանաչում կամ Քիւրտիստանի իրաւական ընկալում միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Այստեղ կը սկսի երկարատեւ այլ գործընթաց: Իրողապէս ոչինչ կը փոխուի ինքնավար Քիւրտիստանով կառավարուող իրավիճակէն, երբ հանրաքուէով իրաքեան քիւրտերը կ՛ինքնորոշուին: Թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ուղղութիւններով նոյն գերատեսչութիւնները կը շարունակեն իրականացնել իրենց վերապահուած գործառոյթները:

Կը փոխուի շահարկման մօտեցումներուն տարողութիւնը: Ամէնէն շատ մտահոգ երկիրները այս կամ այն գերտէրութեան մօտ աշխատանք պիտի տանին, քաղաքական ուղերձներ յղեն, որ չճանչնան իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութիւնը եւ շարունակեն իրենց յարաբերութիւնները Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան մէջ գործող ինքնավար Քիւրտիստանի հետ:

Չճանչնալու գինը սուղ պիտի գանձեն պետութիւնները, իսկ ճանաչումը իբրեւ շանթաժ պիտի շարունակէ դամոկլեան սուրի նման ճօճուիլ այս կամ այն տարածաշրջանային պետութեան գլխուն. նախ եւ առաջ` Թուրքիոյ:

Իսկ այս պարագային տարբեր են պետութիւններու վերապահութեան, դիմադրութեան կամ անհանգստութեան տարողութիւնները:

Դամասկոսի իշխանութիւնները զգուշ են ու վերապահ, որովհետեւ գրեթէ միեւնոյն կարգավիճակի խնդիրը կը դիմագրաւեն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ առայժմ իրողապէս, ոչ պաշտօնական ինքնավար կարգերով կառավարուող սուրիական Քիւրտիստանի առումով: Թեհրանը խանդավառ ըլլալու պատճառներ չունի` նկատի ունենալով Իրանի տարածքին ապրող քիւրտերու քաղաքական գործօնի վերածուելու հաւանականութիւնը:

Ամէնէն անհանգիստն ու վրդովածը յայտնաբար Անգարան է, որ ինքնավար Քիւրտիստանի ղեկավարներուն հետ տնտեսական խոր յարաբերութիւններ հաստատած էր, եւ իրաքեան Քիւրտիստանը կը նկատէր տնտեսական գործօն` կիրարկելով ներքին քիւրտերը ճնշելու եւ Իրաքի քիւրտերուն հետ տնտեսական գործարքներ իրականացնելու քաղաքականութիւնը:

Հիմա տուեալները կը փոխուին եւ սպառնալիքի ուրուագիծերը զգալի կը դառնան Անգարայի համար: Ի վերջոյ իրաքեան Քիւրտիստանը քիւրտերու քաղաքական առաջադրանքին համար ստեղծուելիք Քիւրտիստանի առաջին քայլն է: Իսկ Քիւրտիստանը ինքնին Թուրքիոյ մասնատումն է, որուն համար բացայայտ ահազանգումներ կատարած էր Անգարան իր առաջին դէմքով, ամէն առիթի:

Աշխարհաքաղաքական հարթութեան վրայ քիւրտերուն տրուած դերը շահարկումի հզօր գործօն է. մէկ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի յառաջընթացները սահմանափակելու, միւս կողմէ խաղաթղթային ճնշամիջոցով կարմիր քարտեր ցոյց տալու այս կամ այն պետութեան. նախ եւ առաջ Թուրքիոյ:

Շահարկման այս խաղաթուղթին է, որ նոր աստիճանաչափ կը տրուի: Այլապէս ինքնավարութենէ անկախացում անցումը հանրաքուէով չ՛իրականանար: Հիմա կը սկսի շանթաժի նոր փուլ. անկախ կարգավիճակը ճանչնալու-չճանչնալու շահարկման երկարատեւ փուլը:

«Ա.»

Նախորդը

Կառավարութեան Ծրագիրի Վաւերացման Առիթով` «Աշխուժ Եւ Պատասխանատու Աշխատանք Պիտի Տանինք» Յայտարարեց Վարչապետ Կարապետեան

Յաջորդը

Մեր Անժամանցելի Պարտաւորութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?