Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդակցական Հանդիպումը Մերժեց Բնակեցումը Եւ Ոչ Լիբանանեան Որեւէ Խմբաւորումի Հաստատումը Լիբանանեան Հողին Վրայ

Յունիս 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատը երէկ հիւրընկալեց Լիբանանի կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն խորհրդակցական հանդիպումը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ, նախարար Մարուան Համատէի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի եւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քանսոյի:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ պատգամ Լիբանանը պահպանելու համար պէտք է համաձայնիլ Ազգային միասնականութեան ուխտը գործադրելու շուրջ:

Անհրաժեշտ նկատուեցան նաեւ բազմազանութեան ժողովրդավարութեան պահպանումն ու աստիճանաբար դէպի քաղաքացիական պետութիւն փոխադրուելու յստակ պատկերացումի կազմութիւնը` բոլոր համայնքներուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատելով, ինչպէս նաեւ կազմելով քաղաքական համայնքայնութիւնը ջնջող ազգային խորհուրդ մը:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ Լիբանանի ազգային յատկանիշները պահպանելու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի ժողովրդագրական անոր տուեալներն ու միասնականութիւնը, որպէսզի լիբանանեան ինքնութեան պահպանումին իմաստով խախտումներ չարձանագրուին:

«Այս շրջագիծին մէջ, կարեւոր է նաեւ լիբանանեան ընկերային հիւսուածքի պահպանումը` կտրականապէս մերժելով բնակեցումը եւ ոչ լիբանանեան որեւէ խմբաւորումի հաստատումը լիբանանեան հողին վրայ: Պէտք է աշխատիլ նաեւ արգիլելու արտագաղթն ու ներգաղթը, ինչպէս նաեւ շրջաններ փոխելու քաղաքականութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ ամէնէն մօտիկ ապագային վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան վաւերացումը, որպէսզի լիբանանցին կարենայ իր հայրենիքին մէջ գոյատեւել, իր ամբողջական իրաւունքը ունենալ` հաւասարակշռուած բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած, արդի եւ հզօր պետութեան մը մէջ գործելու իմաստով:

Տնտեսական առումով, հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տնտեսապէս առողջ եւ ամուր Լիբանան մը ունենալու համար պէտք է մշակել տնտեսական ամբողջական ծրագիր մը` սրբագրելով պետական առումով արձանագրուած ելեւմտական բացթողումները, աշխատանքի առիթներ ստեղծելով, հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրագործելով, արտաքին շուկաներ բանալով, տնտեսական արդի մարզերուն, ինչպէս` արհեստագիտութեան մարզին մէջ ներդրումներ կատարելով, պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւն ստեղծելով, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութիւնները քաջալերելով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ տնտեսական ծրագիրը հիմնուած է Լիբանանի հարստութիւններէն օգտուելու կարելիութեան վրայ: «Եւ նկատի ունենալով, որ Լիբանանի հարստութիւնը լիբանանցին է եւ շրջանին մէջ Լիբանանի իւրայատկութիւնը, պէտք է վերակենդանացնել տնտեսական մարզերուն միջեւ ընկերային եւ մշակութային երկխօսութեան կեդրոնը: Կառավարութիւնը յանձնառու է ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը շուրջօրեայ դրութեան վերածելու` վերացնելով պետութեան վրայ արձանագրուած նիւթական բացը, ինչպէս նաեւ նուազեցնելով ելեկտրականութեան հոսանք ստանալու համար քաղաքացիին վճարած տուրքը: Կառավարութիւնը նախանձախնդիր է նաեւ պահպանելու Լիբանանի ջրային հարստութիւնը` ջուրը պահելով իբրեւ Լիբանանի ռազմավարական գանձը, ինչպէս նաեւ գործադրելով ջրամբարներու ծրագիրը: Կառավարութիւնը յանձնառու է նաեւ օգտագործելու նաւթի իր հարստութիւնը եւ արագացնելու այդ աշխատանքին հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ լրջօրէն կը մտածէ ապահովել փոխադրութեան միջոցներ (ինչպէս` գնացքներ), զբօսաշրջական նաւահանգիստի կառուցում եւ ցամաքային անցքեր` լուծելու համար տեղահանուածներուն թղթածրարը», շեշտուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Բարեկարգումները գործադրելու շրջագիծին մէջ խորհրդակցական հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին քաղաքական, հաստատութիւններու, դատական իշխանութիւններու, կրթութեան եւ տեղեկատուութեան մարզերուն մէջ բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը` հիմնուելով թափանցիկութեան վրայ, իբրեւ վարչական աշխատանքները բարելաւելու հիմնական չափանիշ:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ սահմանադրութեան հիման վրայ պետական կառոյցը վերակազմաւորելու, դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը վերահաստատելու, քննչական եւ պետական անվտանգութեան կառոյցներուն աշխատանքը աշխուժացնելու, պետութեան աղբիւրներն ու կարողութիւնները օգտագործելու ի խնդիր լիբանանցիներուն գերագոյն շահերը պաշտպանելու, վաւերացուած օրէնքները գործադրելու եւ զանոնք արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը:

«Այս կէտերը բոլոր լիբանանցիները մէկտեղող ազգային նպատակներ են, որոնց յաջողութիւնը Լիբանանի համար է, հետեւաբար պէտք է հետեւիլ այդ կէտերուն գործադրութեան», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը:

Նշենք, որ երեսփոխան Ֆրենժիէ մեկնումի պահուն շեշտեց, որ հանդիպումը դրական եւ շինիչ մթնոլորտի մէջ ընթացած է` աւելցնելով, որ համաձայնած են պետութեան աշխատանքները հեզասահ դարձնել:

«Հանրապետութեան նախագահը մեզի Պաապտա հրաւիրեց եւ մենք հրաւէրին ընդառաջեցինք: Մենք նախագահ Աունի դէմ ոչինչ ունինք: Երբ նախագահը կը հրահանգէ, մենք կը գործադրենք», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ժահժահ յայտնեց, որ հանդիպումին արտակարգ որոշումներ չեն տրուած` աւելցնելով, որ ինք վերապահութիւն յայտնած է քննարկուած աշխատանքային օրակարգին երկու կէտերուն մասին:

Երեսփոխան Արսլան ընդգծեց, որ Պաապտայէն հրապարակուած փաստաթուղթը շատ կարեւոր է` հաստատելով այդ փաստաթուղթը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Պաապտայի Ժողովին. Բագրատունի. «Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Մասնակից Էր Թաէֆի Ժողովին Եւ Ազգային Համերաշխութեան Փաստաթուղթի Պատրաստութեան»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Խիստ Մտահոգ Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադուլի Դրութեան Վերջին Խախտումներով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In