Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրած Է

Յունիս 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է խորհուրդի նիստի, որուն օրակարգին վրայ քննարկուած են խորհուրդի 2017-ի գործունէութեան ծրագիրէն բխող հարցեր: Խորհուրդի անդամները քննարկած են  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնական պաշարներու  կառավարման հայեցակարգի նախագիծը եւ երկրին մէջ պարենային անվտանգութեան վիճակի ու անոր հետագայ բարելաւման հարցերը:

Օրակարգի յաջորդ հարցը կը վերաբերէր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ հայկական համայնքներուն վրայ անոնց ազդեցութեան: Հարցին վերաբերեալ նիստի մասնակիցներուն տեղեկատուութիւն ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարարը:

Խորհուրդի անդամները համաձայնութիւն տուած են ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար Աշոտ Մանուկեանի ներկայացուցած` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնական պաշարներու կառավարման հայեցակարգի նախագիծին:

Օրակարգի յաջորդ հարցին` երկրին մէջ պարենային անվտանգութեան վիճակին ու անոր հետագայ բարելաւման հարցին մասին զեկուցած է գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեան: Խորհուրդի անդամներուն քննարկման ներկայացուած են նաեւ յիշեալ հարցի համազեկուցողներ` տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու  նախարար Սուրէն Կարայեանի եւ արտակարգ իրավիճակներու  նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի զեկուցումները:

Քննարկման լոյսին տակ կառավարութեան յանձնարարուած է ապահովել Հանրապետութեան նախագահի կարգադրութեամբ հաստատուած` Հայաստանի Հանրապետութեան պարենային անվտանգութեան ապահովման հայեցակարգի դրոյթներէն բխող Հայաստանի կառավարութեան 2017-2021 թուականներու միջոցառումներու ծրագիրի պատշաճ իրականացումը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով պարենային անվտանգութեան մակարդակի շեշտակի բարձրացման եւ բնակչութեան ժամանակակից որակի ծառայութիւններու մատուցման հարցերուն: Յանձնարարուած է նաեւ միջոցներ ձեռնարկել հակակարկտային եւ բնակլիմայական աղէտներէն գիւղատնտեսութեան հասցուող վնասներու կանխարգիլման ուղղուած արդիւնաւէտ միջոցներու ներդրման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ միջազգային փորձը հաշուի առնելով` երկամսեայ ժամկէտի մէջ առաջարկներ ներկայացնել նուազագոյն պարենային զամբիւղի կազմի, կառուցուածքի եւ ուժանիւթի արժէքի որոշման մեթոտաբանութեան քննարկման եւ «Կենսաապահովման նուազագոյն զամբիւղի եւ կենսաապահովման նուազագոյն պիւտճէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու նպատակայարմարութեան վերաբերեալ, միջոցներ ձեռնարկել նաեւ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ ապահովագրական համակարգի ներդրման ծրագիրի իրականացման աշխուժացման ուղղութեամբ:

Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու եւ հայկական համայնքներուն վրայ անոնց ազդեցութեան մասին արտաքին գործոց նախարարի տեղեկութիւնները լսելէ ետք նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանի համար, անշուշտ, առաջնահերթ մտահոգութեան պատճառ կը հանդիսանան այնտեղ գտնուող հոծ հայկական համայնքները, անոնց մշակութային ու կրթական կեդրոնները, հայ ժողովուրդին համար նուիրական նշանակութիւն ունեցող իր կրօնական եւ պատմական ժառանգութիւնը:

Նախարարի զեկուցումէն ետք հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է շարունակել միջոցներ ձեռնարկել Միջին Արեւելքի մէջ մեր հայրենակիցներու կենսագործունէութեան եւ անոնց անվտանգութեան ապահովման, սուրիահայ գաղթականներու կարիքները հոգալու, հայկական կրօնական, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ: Յանձնարարուած է նաեւ շարունակել աշխատանքները գործընկեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու հետ սուրիահայերուն տրամադրուող օժանդակութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար եւ պատրաստ ըլլալ արձագանգելու հաւանական ոչ բարենպաստ զարգացումներուն` զուգահեռաբար ամրապնդելով եւ խորացնելով Հայաստանի աւանդական յարաբերութիւններու մակարդակը արաբական երկիրներուն հետ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Բնապահպանութեան Նախարար Արծուիկ Մինասեանի Հանդիպումը` Դեսպան Փէոթր Սվիթալսքիի Ղեկավարած Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?