Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը

July 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը, որ յառաջիկային այլ աշխատանք պիտի ստանձնէ: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն  յայտնած է Զալպերին պաշտօնավարման ընթացքին ներդրած ջանքերուն համար եւ յաջողութիւն մաղթած նոր գործունէութեան մէջ:

Հանդիպումին զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման հեռանկարին: Հանրապետութեան նախագահը եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը բարձր գնահատած են Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու մակարդակը: Նախագահ Սարգսեան հանդիպումին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան` միութեան շրջանային «Մատատ» հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Հերպըրթ Զալպեր անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի գօտիին մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն: Նախագահը մտահոգիչ նկատած է, որ ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր սադրիչ քաղաքականութիւնը` մեծցնելով լարուածութիւնը եւ չանսալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու կոչերուն:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ Միութիւնը կը շարունակէ հաւատալ, որ տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի, եւ անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել լարուածութեան մեծացումէն խուսափելու եւ դէպի բանակցային հոլովոյթ ճամբայ հարթելու համար:

Զալպեր. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Բացառապէս Խաղաղ Լուծումը
Եւրոպական Միութեան Սկզբունքային Դիրքորոշումն Է»

6 յուլիսին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Եւրոպական Միութեան  յատուկ ներկայացուցչին մանրամասն ներկայացուց 4 յուլիսին Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծին մէջ Պաքուի կողմէ զինադադարի կոպտագոյն խախտումներուն պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:

Արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս ընդգծեց կարեւորութիւնը Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու անվերապահ իրականացումին, համաձայնութիւններ, որոնք ուղղուած էին ապրիլ 2016-ին` միջազգային մարդու իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով ու քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորումով ուղեկցուած ազրպէյճանական յարձակումներու հետեւանքներու յաղթահարման եւ բանակցային հոլովոյթի յառաջ մղման համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման:

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի խօսքով` Պաքուն, խոչընդոտելով բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու  իրականացումը եւ հակառակ համանախագահ երկիրներու ու միջազգային հանրութեան յորդորներուն եւ կոչերուն, կը շարունակէ խորացնել թշնամական եւ այլատեացութեան քարոզչութիւնը, կազմակերպել միտումնաւոր սադրանքներ, որոնց պատճառով միայն անցեալ ամսուան ընթացքին Արցախի բանակի չորս զինուորներ զոհուեցան:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը, խոր մտահոգութիւն յայտնելով իրավիճակի սրման առնչութեամբ, ընդգծեց, որ ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծումը Եւրոպական Միութեան սկզբունքային դիրքորոշումն է, եւ Եւրոպական Միութիւնը անվերապահօրէն կը սատարէ այս նպատակով եռանախագահ երկիրներու  կողմէ գործադրուող ջանքերուն: Դեսպան Զալպեր կարեւոր նկատեց Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներու  պայմանաւորուածութիւններու կատարումը:

Հ. Զալպեր տեղեկացուց, որ կ՛աւարտի Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնի իր առաքելութիւնը` ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ Հարաւային Կովկասի  զարգացումներուն: Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց դեսպանին գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր հետագայ  աշխատանքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի 477 Երեսփոխաններ Դէմ Քուէարկեցին Թուրքիոյ Հետ Բանակցութեան Շարունակութեան

Յաջորդը

Լուքա Մոտրիչ Միացաւ Խրուաթիոյ Գ. Դասակարգի Խումբին

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.