Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորած Է Միացեալ Նահանգները` Անկախութեան Օրուան Առիթով

Յուլիս 5, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով երէկ այցելած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւն: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Ռիչըրտ Միլզը, դեսպանատան աշխատակիցները եւ ի դէմս անոնց` Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդը` մաղթելով բարեկեցութիւն եւ շարունակական զարգացում:

Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Միլզ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան բակին մէջ նախ ծիրանենի տնկած են: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին այցելութեան եւ շնորհաւորանքին համար` դիտել տալով, որ ուրախ ու հպարտ է դեսպանատան մէջ նախագահին հետ գեղեցիկ ծիրանենի մը տնկելուն համար`  Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 241-րդ տարեդարձին եւ հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանին առիթներով:

«Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի հետ իր երկարամեայ գործընկերութիւնն ու անկեղծ բարեկամութիւնը: Վերջին 25 տարիներուն, մենք միասին հաստատած ենք ամուր կապեր` դիւանագիտութեան, զարգացման, զինուորական եւ առեւտրական  շրջագիծերու մէջ, նաեւ` մեր ժողովուրդներուն միջեւ: Մեր հայեացքը յառելով դէպի ապագայ` յոյսով ենք, որ մեր յարաբերութիւնները աւելի կ’ամրապնդուին, եւ մենք աւելի կը խորացնենք յատկապէս մեր առեւտրական եւ ներդրումային կապերը` ի շահ մեր երկու երկիրներուն», ըսած է դեսպան Միլզ:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու հետ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնն ու երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ ընդգծած, որ արագ փոխուող ու մարտահրաւէրներով լեցուն աշխարհին մէջ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու հետ  երկխօսութիւնը` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ: Զրուցակիցները հանգամանօրէն անդրադարձած են  առեւտրական եւ տնտեսական կապերու խորացման` քննարկելով առկայ ներուժը, այդ ուղղութեամբ ցարդ իրականացուած աշխատանքներն ու զարգացման հեռանկարը:

Հանդիպումին ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն` տարիներէ ի վեր Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած օժանդակութեան, անոր կարգին` այս տարուան ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով` հանրապետութեան նախագահը նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Անգամ Մը Եւս Ապացուցուեցաւ, Որ Գործ Ունինք Ահաբեկչական Պետութեան Հետ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Զ. (Եւ Վերջ) – Մուրճի Եւ Սալի Տեսութեան Այժմէականութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?