Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Զ. (Եւ Վերջ) – Մուրճի Եւ Սալի Տեսութեան Այժմէականութիւնը

July 5, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան ժամանակաշրջանի զինուորաքաղաքական եւ, ինչու չէ նաեւ, իրաւապայմանագրային ելեւէջները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կրած են ռուս-թրքական թշնամանքներուն եւ մերձեցումներուն պատճառով: Ռուսական զօրքերու յառաջխաղացք, ապա նահանջ, պատմական հայրենիքի տարածքներու կցում անկախացած հանրապետութեան, ապա` պարտադիր զիջում, նոյնիսկ անկախութեան հռչակում եւ ի վերջոյ խորհրդայնացում` բոլոր գործողութիւններու փիլիսոփայութիւնը պէտք է ընկալել երկու հարեւաններու փոխյարաբերութիւններու ընդհանուր շրջածիրին մէջ: Այդպէս է նաեւ իրաւապայմանագրային դաշտը` Կարսէն Մոսկուա, Սեւրէն Ալեքսանդրապոլ, ուր տարածք պահելու կամ զիջելու ժամանակի հեռաւորութենէն տրուած դասերը հիմնական նշանակութիւն չունին:

Փաստը կը մնայ փաստ, որ ի չգոյ է կերտուած 10.000-ը յանձնուեցաւ 30.000-ով եւ այո՛, ինչպէս բանաձեւեց Հանրապետութեան նախագահը, եթէ չըլլար Առաջին հանրապետութիւնը, չէր ըլլար խորհրդայինը, չէր ըլլար այսօրուանը:

Նշուած այդ ելեւէջներու ազդեցութենէն հեռու, բացարձակ մինակութեամբ էր, որ հայկական բանակները կասեցուցին թրքական յառաջխաղացքը. այնուհետեւ կրեցին ազդեցութիւնները այդ բոլոր վերիվայրումներուն:

Թուրքեւազրպէյճանական թշնամանքը մէկ կողմէ եւ ռուսական կախեալութիւնը միւս կողմէ հայ քաղաքական մտածողութիւնը կը մղեն վերադառնալու 1918-1920 ժամանակահատուածը, փորձել ընկալելու համար ա՛յդ օրուան ամէնէն խիստ պայմաններուն մէջ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու արուեստի տիրացումին ծալքերը: Գուցէ նաեւ այժմէականացման կարգով մտաբերելու, որ ի՜նչ պայմաններու մէջ կը կնքուին համաձայնագիրները կամ արձանագրութիւնները: Կամ` ռուս-թրքական լարուած յարաբերութիւններու պահուն ինչպէ՛ս դուրս կու գան արձանագրութիւնները խորհրդարանի օրակարգէն, առանց անվաւեր յայտարարուելու:

1920-ի մուրճի եւ սալի տեսութիւնը իր իրողականութիւնը կը յուշէ ամէն անգամ, երբ մեր ռազմավարական յատուկ գործընկերը կը զինէ Ազրպէյճանը, չ՛արգելակեր ապրիլեան նախայարձակումը եւ ապա կը պարտադրէ զինադադարը, կամ գետնի վրայ կ՛առաջադրէ սթաթուս քոյի պահպանումը:

Տակաւին այս բոլորը կը յուշեն, որ սալի նախընտրութիւնը ոչ անպայման ազգային-քաղաքական արեւելումի իբրեւ արդիւնք արձանագրուած է, այլ` հայրենիքի անվտանգութիւնն ու նոր ցնցումները կանխելու ռազմավարական ընտրանք, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը զիջելու` փրկելու համար հայրենիքը:

Ռազմավարական պարտադիր այս նախընտրութիւնները այժմէական նշանակութիւն ունին անշուշտ. զոհել կուսակցութիւնը, զոհել անկախութեան գաղափարը նոյնիսկ, փրկելու համար հայրենիքը, ժողովուրդը:

Ազգային այս փիլիսոփայութեան յարիր հայ քաղաքական միտքն է, որ կրնայ խորապէս ըմբռնել ամէն տեսակի զրկանք` աչքի առնելով հայրենիքի անդորրութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ժողովուրդի փրկութիւնը գերադասելու սկզբունքի կատարողականութիւնը, այո՛ ամէն ինչ զոհելը: Հեռանալը, արտաքսուիլը, տարագրուիլը` յառաջիկայ սերունդներուն թողելով 30.000-ը:

Այն տարածքը, որուն վրայ կ՛ապրի, կ՛արարէ, կը ստեղծագործէ մեր ժողովուրդը` ապահովելով մեր ազգին շարունակականութիւնը: Մայիս 28-ով կերտուած 30.000-ը:

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորած Է Միացեալ Նահանգները` Անկախութեան Օրուան Առիթով

Յաջորդը

Ճոն Թերի Միացաւ Ասթոն Վիլայի

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.