Երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Սահմանադրութեան օրուան եւ Հայաստանի պետական խորհրդանիշներուն:
Այս առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց: Ուղերձին մէջ նշուեցաւ. «Հայաստանի ժողովուրդին պատմական ընտրութիւնն է` կառուցել ազատ, ժողովրդավարական եւ ընկերային պետութիւն: Այդ նպատակը յստակօրէն արտայայտուած է մեր երկրին հիմնական օրէնքին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին մեր պետութեան եւ ամբողջ ժողովուրդին համար եղած է ամուր իրաւական յենարան, նոյնիսկ ամէնէն դժուար կացութիւններուն մէջ:
«Բնականաբար, այդ ընթացքին մեր հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ զգալի փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, ներկայիս կը գտնուինք անցումային փուլի մէջ: Մենք անցում կը կատարենք կառավարման խորհրդարանական համակարգին: Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան ներկայ` բարեփոխուած տարբերակը աւելի մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ ժողովրդավարութեան զարգացման, իշխանութեան թեւերուն միջեւ հաւասարակշռութեան պահպանման եւ ընդհանրապէս` մեր երկրին միակողմանի եւ անցնցում զարգացման համար: Անկասկած, սահմանադրական բարեփոխումներուն աւարտին պիտի ունենանք աւելի արդար եւ աւելի կայուն պետութիւն եւ հասարակութիւն»:



