Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Եւրոպահայերու Չորրորդ Համագումարը Տեղի Կ՛ունենայ 16-17 Հոկտեմբերին

Յուլիս 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16-17 հոկտեմբեր 2017-ին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին կազմակերպութեամբ պիտի գումարուի Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարը: Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ եւ գիտնականներ պիտի համատեղէ Պրիւքսէլի մէջ:

Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու բարձրագոյն մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներ, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններէն բարձրագոյն ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան եւ Եւրոպական Միութիւն – Արցախ բարեկամութեան խումբերու նախագահներ եւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Համագումարին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Եւրոպական Միութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ` քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոպական Միութենէն եւ թէ՛ Հայաստանէն:

Երկուշաբթի, 16 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք երեք նիստերը պիտի գումարուին Պրիւքսէլի Հայ տան սրահին մէջ` եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, եւ պիտի կեդրոնանան Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ: Պիտի քննարկուին Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եւ հատուցման հոլովոյթները, Եւրոպայի մէջ թուրքեւազրպէյճանական լոպիինկը եւ հայապահպանումը:

Առաջին օրուան աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, իսկ պատգամաբերները պիտի ըլլան Հայ դատի, գաղութային եւ հայապահպանման գործերով զբաղող զանազան մասնագէտներ` Հայաստանէն եւ Եւրոպայէն:

Յաջորդ օրուան` 17 հոկտեմբերի երկու նիստերը տեղի պիտի ունենան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Առաջին օրակարգին նիւթը պիտի ըլլայ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում` փուլեր եւ մարտահրաւէրներ» (Armenian Genocide Recognition: Milestones and Challenges), որուն ընթացքին բացի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման նիւթերէն, պիտի քննարկուին նաեւ պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտ փոխադրելու հոլովոյթը եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին դժուարութիւնները:

Օրուան երկրորդ օրակարգին ընթացքին պիտի քննարկուի «Հարաւային Կովկաս` լուսանցքայնացում եւ նոր հեռանկարներ» (South Caucasus: Marginalization & New Perspectives) նիւթը, որուն ընթացքին շրջանի զարգացման, խաղաղութեան, Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան յարաբերութիւններու եւ Արցախի հիմնահարցի լուծման նիւթերը պիտի արծարծուին: Երկրորդ օրուան աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ անգլերէնը եւ ֆրանսերէնը:

Համագումարին մասնակցելու համար կը խնդրուի արձանագրուիլ մինչեւ 29 սեպտեմբեր contact@eafjd.eu հասցէին` ուղարկելով հետեւեալ տեղեկութիւնները` անուն, ազգանուն, ծննդեան թուական, քաղաքացիութիւն եւ անցագիրի թիւ: Վիզայի կարիք ունեցող մասնակիցները արձանագրութեան ընթացքին պէտք է տեղեակ պահեն մեզ եւ ուղարկեն նաեւ իրենց անցագիրի պատճէնը:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

5 յուլիս 2017
Պրիւքսէլ, Պելճիքա

Նախորդը

«Պիտի Շարունակենք Գործել` Ամրապնդելու Համար Երկրին Տնտեսութիւնը Եւ Դիմադրելու Տագնապներուն Ունենալիք Հետեւանքներուն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Ամրագրեց Արցախի Ողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?