Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ իրավիճակը վերահսկելի է: Այդ մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին երէկ յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան` նշելով, որ նոր դէպքեր կը սպասուին, բայց լայնածաւալ պատերազմը քիչ հաւանական կը նկատեն:
Բաբայեան ըսած է, որ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն մէջ տրամաբանութիւն չկայ, եւ ասիկա «ահաբեկչական պատերազմ է»:
Անդրադառնալով ազրպէյճանական կողմի այն յայտարարութիւններուն, որ հայկական կողմի կրակոցներէն սպաննուած են ազրպէյճանցի կին եւ երեխայ, Բաբայեան զանոնք սուտ որակեց` պնդելով, որ հայկական կողմը քաղաքացիական բնակչութեան վրայ չի կրակեր:
Տեղի Ունեցածը Կը Հաստատէ Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի
Պայմանաւորուածութիւններուն Կարեւորութիւնը
Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցածը անգամ մը եւս կը հաստատէ 16 մայիս 2016-ի Վիեննայի եւ 20 յունիս 2016-ի Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն կարեւորութիւնը: Այս մասին երէկ յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Անյապաղ իրագործումը շփման գիծին մէջ իրավիճակի կայունացման միտուած այդ պայմանաւորուածութիւններուն, «որոնք կը հարուածուին Ազրպէյճանի կողմէ, թոյլ կու տայ հետագային խուսափիլ նման դէպքերէ», շեշտած է նախարարութիւնը:
«4 յուլիսին ազրպէյճանական կողմը նախաձեռնած է հերթական սադրանքի` գնդակոծելով Արցախի Հանրապետութեան տարածքը: 2016-ի ապրիլեան յարձակումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կիրարկած են «ԹՌ-107» տիպի համազարկային հրթիռային համակարգեր: Գնդակոծումը կատարուած է Ալխանլու գիւղի տարածքին վրայ` անմիջապէս բնակելի տուներու մերձակայքը տեղակայուած կրակակէտերէ: Արցախի պաշտպանութեան բանակը ստիպուած էր պատասխան միջոցներու ձեռնարկել` ճնշելու ազրպէյճանական բանակի կրակային յարձակումները: Ազրպէյճանական կողմի սադրած դէպքին պատճառով, դժբախտաբար, գիւղի բնակիչներուն մէջ կան տուժածներ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Մենք բազմիցս, տակաւին ապրիլեան պատերազմի օրերուն, մատնանշած ենք այն փաստը, որ ազրպէյճանական կողմը, խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բոլոր չափանիշները, չի վարանիր օգտագործելու իր իսկ քաղաքացիական բնակչութիւնը իբրեւ կենդանի վահան` Արցախի տարածքը գնդակոծելու նպատակով: Սահմանի երկու կողմերուն մէջ ապրող խաղաղ բնակչութիւնը գերի դարձած է ազրպէյճանական իշխանութիւններու քաղաքականութեան` Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ լարուածութեան սրման եւ բանակցութիւններու վերականգնման ուղղուած միջնորդներու ջանքերու տապալման», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Մնացականեան. «Արցախի Զինուժը Այսուհետեւ
Պիտի Օգտուի Պաշտպանուելու Իր Իրաւունքէն»
«Եթէ հակառակորդը խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ իսկապէս կորուստներ ունեցած է, ապա ստիպուած ենք ափսոսանք յայտնել», այս մասին, ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան, յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան` «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով 4 յուլիսին շփման գիծին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
«Բայց միեւնոյն ժամանակ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ ինչպէս առ այսօր, այնպէս ալ այսուհետեւ, Արցախի զինուժը պիտի շարունակէ լիարժէքօրէն օգտուիլ պաշտպանուելու իր իրաւունքէն եւ անհրաժեշտութեան պարագային հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններուն պիտի տայ թիրախային ու անհամարժէք պատասխան», նշած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը` ազրպէյճանական կողմին խորհուրդ տալով զերծ մնալ անկանխատեսելի հետեւանքներով յղի հետագայ զինուորական արկածախնդրութիւններէ եւ հարցին լուծումը փնտռել բանակցային սեղանի շուրջ, «մանաւանդ որ նման մօտեցում կը բխի երկու ժողովուրդներու շահերէն»:
Նախարար Մնացականեան պնդած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի բանակը երբեք նախայարձակ չէ եղած, ինչպէս նաեւ երբեք չէ թիրախաւորած խաղաղ բնակավայրերը: