ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Մեթնի ընտրութեանց վերաբերող հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Մեթնի ընտրացանկերէն մէկուն կը զօրակցի, ան կը բարելաւէ այդ ընտրացանկին վիճակը. այդ իրականութիւնը կը վերաբերի նաեւ ներկայիս վաւերացուած համամասնական ընտրական օրէնքին:
«Որեւէ ընտրացանկի վրայ մեր գոյութիւնը պիտի ամրապնդէ այդ ընտրացանկին յաջողութեան համեմատութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի յաջողցնէ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով թեկնածուներ: Այս իմաստով որդեգրուած տարազը պարզ է ու յստակ: Յաւելեալ քուէներ` այսինքն ընտրացանկին վայելած համեմատութեան բարձրացում: Օրինակի համար, եթէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը գտնուեցաւ այն ընտրացանկին վրայ, որ կը պարունակէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուները, ապա պիտի բարձրացնէ այդ ընտրացանկին ստանալիք քուէներուն թիւը, ուստի, պիտի ազդէ յաղթանակ արձանագրող թեկնածուներուն թիւին վրայ: Համամասնական ընտրական օրէնքը կուսակցութիւններուն կը պարտադրէ մէկ ուղղութեամբ գործել` աւելի մեծ թիւով թեկնածուներ կարենալ յաջողցնելու համար: Մինչ հսկայ կուսակցութիւններ կրնան իրենց քուէարկողներուն թիւը բաժնել, փոքր եւ յստակ թիւ մը ունեցող կուսակցութիւններ նոյն ձեւով չեն կրնար վարուիլ, այլ անոնց գործը պիտի ըլլայ իրենց քուէները մէկ թեկնածուի տրամադրել», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ վարկանշային քուէի իմաստով ՀՅ Դաշնակցութիւնը չի կրնար օժանդակել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կամ իր դաշնակիցին` երեսփոխան Միշել Մըրի, կամ քաղաքական ոեւէ այլ ուժի, որուն հետ կը փափաքի դաշնակցիլ եւ նոյն ընտրացանկին վրայ ըլլալ:
«Բայց եւ այնպէս ՀՅ Դաշնակցութիւնը կրնայ իր թեկնածուն յաջողցնել իր ստանալիք վարկանշային քուէներուն կէսը օգտագործելով, իսկ միւս կէսը տրամադրելով ընտրացանկին վրայ գտնուող այլ թեկնածուի մը` պայմանով որ ՀՅԴ-ի թեկնածուն լուրջ մրցակից չունենայ», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքը 1960-ի օրէնքէն շատ աւելի լաւ է, նոյնիսկ եթէ անոր արդիւնքները կրնան հարիւր առ հարիւր նախատեսուածը չըլլալ:
Ընտրական դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան դաշնակիցներն են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու երեսփոխան Միշել Մըրը: «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ բարեկամ ենք, իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ մեր յարաբերութիւնները լաւ են … սակայն բարեկամութիւնները չեն ծառայեր ընտրութիւններուն», յայտնեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ՀՅԴ-ի ընտրութիւնը, եթէ երեսփոխան Միշել Մըր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները տարբեր ընտրացանկերու վրայ ըլլան, Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ իրենք կը ջանան ընտրապայքարը մեղմացնել եւ կազմել այնպիսի ընտրացանկ մը, ուր ներկայացուի այդ ընտրաշրջանը կազմող շերտերուն մեծ տոկոսը: «Իբրեւ Մըրի դաշնակիցներ, ճիգ չենք խնայեր իր եւ Ազգային հոսանք կուսակցութեան միջեւ մերձեցում ստեղծելու առումով, իսկ եթէ յաջողինք, ապա ամբողջ հիւսիսային Մեթնին համար բարիք մը կատարած կ՛ըլլանք», շեշտեց ան:
«ՀՅԴ-ն Պիտի Ըլլայ Քաղաքական Այն Ուժը, Որ Ամէնէն Աւելի
Պիտի Օգտուի Ընտրական Նոր Օրէնքէն»
Միւս կողմէ, «Նաշրա» կայքին վրայ տեղադրուած վերլուծական յօդուածի մը համաձայն, Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող համամասնական եւ վարկանշային քուէէ բաղկացող ընտրական օրէնքը նպաստաւոր պիտի ըլլայ ՀՅ Դաշնակցութեան համար:
Ըստ յօդուածին, երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կարելի պիտի ըլլայ կազմել Հայկական երեսփոխանական պլոք մը, որուն անդամները նուազագոյնը 4 պիտի հաշուեն, իսկ առաւելագոյնը` 5:
«Պէյրութի մէջ Մտաուարը Էշրեֆիէ-Ռըմէյլ-Սայֆի շրջաններուն կցելով, ՀՅԴ-ի կարողութիւնը կրնայ հասնիլ այդ ընտրաշրջանին մէջ մինչեւ երեք հայ երեսփոխան ընտրելու: Այս երեքին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ Մեթնի հայ երեսփոխանի ընտրութիւնը` առանց մրցակիցի գոյութեան», նշուեցաւ յօդուածին մէջ` աւելցնելով, որ հիմնական անորոշութիւնը Զահլէի հայ թեկնածուին պարագան է, որ ուղղակիօրէն կախեալ է գոյանալիք ընտրական դաշինքներէն:
«Այս բոլորը նկատի ունենալով կարելի է եզրակացնել, թէ ընտրական նոր օրէնքին շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենայ խորհրդարանին մէջ հայութեան իրաւունքը նկատուող 6 երեսփոխաններէն 4-ը ընտրել, ինչպէս նաեւ ընտրական դաշինքներու շնորհիւ կրնայ Զահլէի հայ երեսփոխանը միացնել Հայկական երեսփոխանական պլոքին: Հայութեան մէջ ամէնէն աւելի ներկայացուցչութիւն վայելող ՀՅԴ-ն պիտի ըլլայ առաջին քաղաքական ուժը, որուն ներկայացուցչութիւնը պիտի սրբագրուի` շնորհիւ համամասնական ընտրական օրէնքին, որուն նպատակն է խորհրդարանին մէջ քաղաքական ուժերուն ներկայացուցչութիւնը սրբագրել», եզրափակուեցաւ յօդուածը: