Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որուն ընթացքին խօսած է 4 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ Ազրպէյճանի ձեռնարկած սադրանքին եւ ատոր հետեւանքներուն մասին: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան:
«Արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Քասփրչիքի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ներկայացուցած է Ազրպէյճանի սադրանքին հետեւանքները», յայտնած է ան:



