Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Նորընտիր Ազգային Ժողովը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը.   Արա Բաբլոյեան` Ազգային Ժողովի Նախագահ

Հայաստանի Նորընտիր Ազգային Ժողովը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը. Արա Բաբլոյեան` Ազգային Ժողովի Նախագահ

Երէկ` հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման առաջին նիստը: Նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստին բացումը կատարեց երիցագոյն պատգամաւորը` Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակով ընտրուած` ազգութեամբ քիւրտ Կնեազ Հասանովը: Ապա օրհնութեան խօսք ուղղեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին ուղերձ յղեց նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ զանազան նիւթերու,...

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  Մքքէյն. «Պէտք Է Թուրքիոյ Դեսպանը Վտարենք»

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Մքքէյն. «Պէտք Է Թուրքիոյ Դեսպանը Վտարենք»

Ամերիկեան «Տը Հիլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ներկայացուցիչները Թուրքիայէն պահանջած են ներում հայցել Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպած ծեծկռտուքին համար: Անոնք խիստ մտահոգուած են թուրք անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ ցուցարարներու մասնակցութեամբ արձանագրուած միջադէպին առնչութեամբ: Այդ պահանջը ստորագրած ծերակուտականներուն շարքին են Մարքօ Ռուպիոն, Թետ Քրուզը, Թոմ Քոթոնն ու Մայքըլ Լինը: Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս 17 մայիսին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Մասին Դասախօսութիւն Կու Տայ Քուէյթի Համալսարանին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Մասին Դասախօսութիւն Կու Տայ Քուէյթի Համալսարանին Մէջ

Քուէյթի եւ շրջակայից թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը Արամ Ա. կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ Քուէյթի համալսարանին մէջ` նիւթ ունենալով «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը»: Համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն ներկայութեան իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, վեհափառ հայրապետը նախ յիշեցուց, որ քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը` իբրեւ միաստուածեան կրօններ, իրենց հիմքը կը նկատեն աստուածային յայտնութիւնը: Աստուածային յայտնութիւնը քրիստոնէութեան եկած է Աստուածաշունչին ճամբով, իսկ...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ  Գրիգոր Ակոբեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Գրիգոր Ակոբեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 18 մայիսին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի 55 աքրելիք եւ 8 միքստ միտիա գործերէ բաղկացած ցուցահանդէսին բացումը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ցուցահանդէսը որոշ վերնագիր մը չունի եւ տարիներու աշխատանքի արդիւնք է` աւելցնելով, որ արուեստագէտը իր զգացումներն ու յոյզերը...

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի 30-ամեակի Նշում` Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» Ժապաւէնի Ցուցադրութեամբ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի 30-ամեակի Նշում` Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» Ժապաւէնի Ցուցադրութեամբ

Երկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պէյրութ Սուքզ»-ի շարժապատկերի սրահներու ընդունարանին մէջ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ աւելի քան 300 հայեր ու օտարներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեան շուրջ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 30-ամեակին առիթով. անոնք հաւաքուած էին անգամ մը եւս հաստատելու, որ թեւ ու թիկունք են անսակարկ ու անխտիր կերպով լիբանանցի ժողովուրդին ծառայութեան լծուած այս կառոյցին եւ տարբեր...

Ակնարկ.  Պէյրութէն Ուաշինկթըն` Անգարայի Նետած Ձեռնոցները

Ակնարկ. Պէյրութէն Ուաշինկթըն` Անգարայի Նետած Ձեռնոցները

Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան դէմ կազմակերպուած հայ-յոյն- ասորի -քիւրտ-եզիտի միացեալ խաղաղ ցոյցին ընթացքին, ցուցարարներուն դէմ կատարուած յարձակումը էրտողանական թուրքերու կողմէ, սովորական պահու անմիջականութեան տակ ստեղծուած պատահարի տեսութենէն շատ հեռու է: Նախ, յայտարարուած ցոյցին դէմ հակացոյց կազմակերպելը նախապատրաստուած, ծրագրուած եւ ցոյցին փոխանցելիք ուղերձները չէզոքացնելու միտող քաղաքական աքթ էր նախ եւ առաջ այն տպաւորութեամբ, որ կազմակերպուած էր Ուաշինկթընի մէջ թրքական համայնքին կողմէ: Բախումներու...

Յայտնի Են Ազգային Ժողովի Նախագահին Եւ Մնայուն Յանձնախումբերու Նախագահներուն Անունները

Յայտնի Են Ազգային Ժողովի Նախագահին Եւ Մնայուն Յանձնախումբերու Նախագահներուն Անունները

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի եւ խորհուրդի նիստէն ետք ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով նշեց, որ ՀՀԿ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնին ՀՀԿ-ն առաջադրած է Գագիկ Մելիքեանի թեկնածութիւնը: Շարմազանով ըսաւ, թէ կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի եւ խորհուրդի նիստերուն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած է Արա Բաբլոյեանի թեկնածութիւնը: «Վաղը ՀՀԿ խմբակցութիւնը պիտի առաջարկէ փոփոխութիւններ կատարել Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին մէջ, ըստ որուն` Ազգային ժողովի...

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Ձեռնարկած Է Պատժիչ Գործողութիւններու

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Ձեռնարկած Է Պատժիչ Գործողութիւններու

Ի պատասխան արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին մէջ 16-էն 17 մայիսի լուսցող գիշերը հակառակորդի դրսեւորած աշխուժութեան, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող ստորաբաժանումները ձեռնարկած են կանխարգելիչ գործողութիւններու, որոնց շնորհիւ, ըստ Պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ծառայութիւններու տրամադրութեան տակ եղած հաւաստի տուեալներու, ազրպէյճանական բանակը կրած է կորուստներ: Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը հրապարակած է գործողութիւններու տեսագրութիւնը, որ կարելի է տեսնել հետեւեալ կապով. https://www.youtube.com/watch?v=XoXqTRULlFo&feature=youtu.be

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Զօր. Ժոզեֆ Աունի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Զօր. Ժոզեֆ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Բագրատունի շնորհաւորեց զօր. Աունը` բարձր գնահատելով բանակի դերակատարութիւնը Լիբանանի անդորրութեան պահպանման եւ երկրին սահմաններուն անվտանգութեան ապահովման մէջ: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ  երիտասարդութիւնը իր ազգային ծառայութիւնը կատարէ բանակին ընդմէջէն: Իր կարգին, զօր. Աուն յատուկ կերպով գնահատեց բանակի հայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ

17 մայիս 2017-ի առաւօտուն Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Քուէյթի իշխանին ապարանքը, ուր հանդիպում ունեցաւ շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան եւ Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան` Մահեր Խէյր: Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանին Քուէյթի հայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար:...

Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Առաջ.  «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ», Ըսաւ Թրամփ

Թուրք Ազգայնամոլները Կը Յարձակին Էրտողանի Այցելութեան Դէմ Բողոքող Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ

16 մայիսի յետմիջօրէին Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ Ուաշիկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մը մասնակիցները թիրախ դարձան խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու վայրագ յարձակումներուն, որոնց իբրեւ հետեւանք քանի մը վիրաւորուած ցուցարարներ հիւանդանոց փոխադրուեցան: «Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ նման յարձակումներ ակնկալելի չեն, թէեւ անոնք սովորական են Էրտողանի Թուրքիոյ եւ այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ: Թուրքիա կը փորձէ իր անհանդուրժականութիւնը Միացեալ...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Գաղութի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Գաղութի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Պաշտօնական այցելութեամբ Քաթար գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 մայիսի երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Քաթարի հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով` նշելով, որ ուրախ է Քաթարի նորակազմ, փոքրաթիւ, բայց ամրակուռ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունենալու այս կարելիութեան համար: Սերժ Սարգսեան ողջունելի նկատած է այն, որ ապրելով եւ արարելով Քաթարի մէջ, գաղութը իր ներդրումը կը...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած Է Թալիշ

Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած Է Թալիշ

Երէկ` 16 մայիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` նախագահը ծանօթացած է գիւղին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն, համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ տուած է  շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:    

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան Կեդրոն»-ը Ստացաւ Արխիւային Նոր Նիւթեր

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան Կեդրոն»-ը Ստացաւ Արխիւային Նոր Նիւթեր

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ը ստացաւ արխիւային նիւթեր` Կալիփոլիի պատերազմին մասին. յուշագրողը Արմէն Տատեանն է, որ մասնակցած է Կալիփոլիի պատերազմին: Տատեան 1894-ի  ծնունդ է եւ մահացած` 1975-ին: Օսմանեան բանակին մաս կազմած Տատեանի յուշագրութիւնը, անկախ պատերազմական մթնոլորտին, զինուորական գործողութիւններուն մասին լոյս սփռելէ,  կարեւոր է նաեւ Անգարայի կողմէ վերջին տարիներուն Կալիփոլիի նշումին տրուած յատուկ հանգամանքին  եւ այդ ծիրին մէջ  իրադարձութիւններուն աւելի իրողական,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Քուէյթի Նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի Ու Ազգային Առաջնորդարան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Քուէյթի Նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի Ու Ազգային Առաջնորդարան

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ Քուէյթ հասնելուն յաջորդ օրը` 16 մայիս 2017-ի առաւօտուն, այցելեց նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի եւ ազգային առաջնորդարան, ուր շինութիւններն ու նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ հասած էին իրենց վերջին փուլին: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց շրջանի առաջնորդին, Ազգային իշխանութեան անդամներուն եւ բարերարներուն, իրենց ղեկավարութեամբ կատարուած այս մեծ իրագործումին համար: Յայտնենք, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս 19 մայիս 2017-ի առաւօտեան...

Ակնարկ.  Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

Պաշտօնական լրահոսը տեղեկացուցած է, որ 12 մայիսին կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ու կազմակերպման պետական յանձնախումբի նիստը: 100-ամեակին յատկացուած այս նիստին ներկայացուած են տօնական ձեռնարկներուն վերաբերեալ շարք մը առաջարկներ, քննարկուած են նախարարութիւններուն կողմէ այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները: Համապետական մակարդակով նման յանձնաժողով յառաջացնելը, գերատեսչութիւնները ներառելը եւ հայեցակարգային խնդիրներու քննարկումով նախապատրաստուիլը` հայ ժողովուրդի...

Հայաստանի Նախագահը Այցելած Է Քաթար

Հայաստանի Նախագահը Այցելած Է Քաթար

Պաշտօնական այցելութեամբ Քաթար գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ առանձնազրոյց ունեցած է Քաթարի Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահը Քաթարի իշխանին լաւ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսած է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ մերձաւորարեւելեան շրջանը յատուկ կարեւորութիւն ունի, եւ  արաբական աշխարհին հետ Հայաստան ունի իւրայատուկ յարաբերութիւններ` հիմնուած դարերու պատմութիւն ունեցող բարեկամութեան վրայ: Ան...

Այն Թինէի Մէջ.  «Մեզի Համար Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուի Նախքան 19 Յունիս` Կանխարգիլելու Խորհրդարանի Թափուր Դրութիւնը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Այն Թինէի Մէջ. «Մեզի Համար Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Ընտրական Օրէնքը Վաւերացուի Նախքան 19 Յունիս` Կանխարգիլելու Խորհրդարանի Թափուր Դրութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է ընտրական օրէնքը, որուն գծով Պըրրիի մօտ կը տիրէ դրական տրամադրութիւն, յատկապէս նախանցեալ օրուան Այն Թինէի հանդիպումին լոյսին տակ: «Այդ հանդիպումին համամասնական դրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացաւ, սակայն տակաւին կան որոշ...

Վարչապետը Կիտանեանի Հետ Քննարկեց  Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետը Կիտանեանի Հետ Քննարկեց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ի մասնաւորի` զբօսաշրջութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Ժեզզինի Միջազգային Փառատօնին  Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը տրուեցաւ 2017-ի Ժեզզինի միջազգային փառատօնին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ, Ժեզզինի քաղաքապետութիւններու...

Երաժշտութիւն. Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն» Գիրքի Գինեձօն

Երաժշտութիւն. Պատմութիւն Եւ Տեսութիւն» Գիրքի Գինեձօն

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` երկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչ Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեանի «Երաժշտութիւն. Պատմութիւն եւ տեսութիւն» գիրքին գինեձօնը: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան,...

Page 630 of 796 1 … 629 630 631 … 796

Արխիւներ