Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Եւ Վարչապետ Կարապետեան Ընդունած Են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Եւ Միջազգային Համագործակցութեան Նախարարը

July 20, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 18 յուլիսին ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահեանը:

Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ աշխուժօրէն զարգացող յարաբերութիւնները եւ նախարարին այցելութիւնը կը գտնէ այդ յարաբերութիւնները յառաջ մղելու կարեւոր խթան: Նշելով, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ  երկու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ անցեալին ձեւաւորուած փոխադարձ գործակցութիւնը, հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւնները օրըստօրէ կը զարգանան եւ կ՛ամրապնդուին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանրապետութեան նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը անոր փոխանցած է իր երկրի ղեկավարութեան ջերմ ողջոյնները եւ բարեմաղթանքները: Նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն կարելի է աւելի թափ տալ, քանի որ կայ երկու երկիրներու բարձր ղեկավարութեան քաղաքական կամքը եւ այդ յարաբերութիւնները շարունակաբար զարգացնելու համար ձեւաւորուած ամուր հիմքը:

Նախարարը նշած է, որ ինչպէս զբօսաշրջութեան, նոյնպէս ալ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ երկուստեք զգալի աշխատանք կայ իրականացնելիք փոխադարձ գործակցութեան առկայ ներուժը լիարժէքօրէն օգտագործելու համար եւ պատրաստ է իր հայ գործընկերոջ հետ միասին ջանքերը կեդրոնացնելու այդ ուղղութեամբ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:

Նոյն ծիրին մէջ, վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետին խօսքով` երկու պետութիւններուն յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ փոխադարձ գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն են, եւ անոնց միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը նպաստաւոր հիմքեր կը ստեղծէ տնտեսական եւ ներդրումային գործակցութեան ընդլայնման համար: Վարչապետը ընդգծած է, որ վերջին շրջանին երկկողմանի կապերը զարգացման աւելի գործնական փուլ թեւակոխած են:

Նշելով, որ կառավարութիւնը հետեւողական քայլեր կ՛իրականացնէ  Հայաստանի մէջ գործարարական միջավայրի բարելաւման եւ օտարերկրեայ  ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ` Հայաստանի վարչապետը առաջարկած է դիտարկել տարբեր մարզերու մէջ միացեալ ծրագիրները: Համագործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ վարչապետը ողջունած է «Տուպայ Էքսփօ-2020» ցուցահանդէսի կազմակերպումը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը նշած է, որ Էմիրութիւնները կարեւոր կը նկատեն Հայաստանի հետ յաջող համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Էմիրութիւններու քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրներու վերացման համար: Նախարարը նշած է, որ  վերջին շրջանին զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուած զգալի աճը աւելցնելու մեծ ներուժ ու կարելիութիւններ կան, եւ պէտք է հետեւողականօրէն աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Ան հեռանկարային նկատած է նաեւ գիւղատնտեսութեան միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Գերագոյն Մարմնի Միացեալ Նիստի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.