ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Հայաստան` մասնակցելու համար Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 20-29 յուլիսին, Երեւանի մէջ: Լիբանանի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի ութ խումբերով` չորս պասքեթպոլ (երկու կրտսեր տղաք, կրտսեր աղջիկներ եւ երէց աղջիկներ, երկու ֆութսալ տղաք, երկու ֆութպոլ (կրտսեր եւ երէց տղաք): Մեծ թիւով մարզիկներ պիտի մասնակցին նաեւ անհատական հետեւեալ խաղերուն` ճատրակ, թենիս, լող, փինկ փոնկ եւ աթլեթ:
Պատուիրակութիւնը Լիբանան պիտի վերադառնայ կիրակի, 30 յուլիս 2017-ին:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ